Սաղմոսներ
50
Ճշմարիտ պաշտամունք
Սաղմոս Ասափայ
1Աստուածներուն Աստուածը, Տէրը, խօսեցաւ, Ու երկիրը կանչեց արևելքէն մինչև արևմուտք։ 2Սիօնէ, գեղեցկութեան կատարելութենէն, Աստուած փայլեցաւ։ 3Մեր Աստուածը պիտի գայ ու պիտի չլռէ․ Անոր առջև մաշող կրակ, Ու բոլորտիքը սաստիկ փոթորիկ պիտի ըլլայ։ 4Երկինքը պիտի կանչէ վերէն, Ու երկիրը՝ իր ժողովուրդը դատելու համար։ 5Ինծի ժողվեցէք իմ սուրբերս, Ու ինծի հետ զոհով ուխտ ընողները։ 6Ու երկինքները անոր արդարութիւնը պիտի պատմեն, Վասն զի Աստուած ինք դատաւոր է։ (Սէլա։) 7Լսէ, ով իմ ժողովուրդս, ու խօսիմ․ Ով Իսրայէլ, ու քեզի վկայութիւն ընեմ․ Որ ես եմ Աստուած, քու Աստուածդ։ 8Ոչ թէ քու զոհերուդ համար քեզ կը յանդիմանեմ, Ու քու ողջակէզներուդ համար՝ որոնք միշտ իմ առջևս են։ 9Քու տունէդ զուարակ չեմ առներ, Ոչ ալ քու գոմերէդ նոխազներ։ 10Վասն զի իմս են անտառին բոլոր գազանները, Հազարաւոր լեռներուն անասունները։ 11Ես գիտեմ լեռներուն բոլոր թռչունները, Ու դաշտի գազանները իմ քովս են։ 12Եթէ անօթենամ՝ քեզի պիտի չըսեմ, Վասն զի աշխարհ ու անոր լիութիւնը իմս է։ 13Միթէ ես ցուլերու միս կ’ուտե՞մ, Կամ նոխազներու արիւն կը խմե՞մ։ 14Շնորհակալութիւն զոհէ Աստուծոյ, Ու քու ուխտերդ կատարէ Բարձրելոյն․ 15Ու նեղութեան օրը ինծի կանչէ․ Ես քեզ պիտի ազատեմ, ու դուն զիս պիտի փառաւորես։ 16Սակայն Աստուած ամբարշտին կ’ըսէ, Քեզի ի՞նչ՝ որ դուն իմ օրէնքներս կը պատմես, Ու իմ ուխտս բերանդ կ’առնես։ 17Վասն զի դուն խրատը ատեցիր, Ու իմ խօսքերս ետիդ ձգեցիր․ 18Գողը տեսնելով՝ անոր հետ միաբանեցար, Ու շնացողներուն հետ բաժին ունեցար․ 19Քու բերանդ չարութեան տուիր, Ու քու լեզուդ նենգութիւն կը հնարէ․ 20Կը նստիս եղբօրդ դէմ կը խօսիս, Մօրդ որդւոյն դէմ չարախօսութիւն կ’ընես։ 21Այս բաները ըրիր ու ես լռեցի․ Կարծեցիր թէ ես բոլորովին քեզի կը նմանիմ․ Բայց քեզ պիտի յանդիմանեմ․ Ու աչքերուդ առջև պիտի շարեմ քու ըրածդ։ 22Արդ իմացէք ասիկա, ով դուք զԱստուած մոռցողներ, Չըլլայ որ ձեզ պատռեմ, և ազատող մըն ալ չգտնուի։ 23Շնորհակալութիւն մատուցանողը զիս կը փառաւորէ․ Ու իր ճամբուն զգուշացողին Պիտի ցուցնեմ Աստուծոյ փրկութիւնը։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981