Սաղմոսներ

51

Աղօթք մը ներողութեան համար

Գլխաւոր երաժշտին․ Սաղմոս Դաւթի, անոր Բերսաբէի քով մտնելէն ետքը, Նաթան մարգարէին անոր եկած ժամանակը։

1Ողորմէ ինծի, ով , քու ողորմութեանդ համեմատ, Քու առատ գթութեանդ համեմատ ջնջէ իմ յանցանքներս։ 2Իմ անօրէնութենէս բոլորովին զիս լուա, Ու իմ մեղքէս զիս սրբէ։ 3Վասն զի ես կը ճանչնամ իմ յանցանքներս․ Ու իմ մեղքս միշտ իմ առջևս է։ 4Քեզի՝ միայն քեզի դէմ մեղանչեցի, Եւ քու աչքերուդ առջև չարութիւն ըրի․ Որպէս զի արդար ըլլաս խօսքերուդ մէջ, Ու անարատ ըլլաս դատաստանիդ մէջ։ 5Ահա ես անօրէնութիւնով ծնայ, Ու իմ մայրս մեղքով յղացաւ զիս։ 6Ահա դուն ճշմարտութիւն կ’ուզես երիկամունքներու մէջ․ Ու ծածուկ տեղը իմաստութիւն պիտի գիտցնես ինծի։ 7Զոպայի մշտիկով մաքրէ զիս, ու մաքուր ըլլամ․ Զիս լուա, ու ձիւնէն աւելի ճերմակ ըլլամ։ 8Ցնծութիւն և ուրախութիւն լսել տուր ինծի, Թող ցնծան այն ոսկորները զորոնք կոտրեցիր։ 9Իմ մեղքերէս երեսդ ծածկէ, Ու բոլոր անօրէնութիւններս ջնջէ։ 10Ով Աստուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ, Եւ իմ ներսիդիս ուղիղ նորոգէ։ 11Զիս երեսէդ մի ձգեր, Ու քու Սուրբ Հոգիդ ինծմէ մի հաներ։ 12Քու փրկութեանդ ցնծութիւնը ինծի ետ դարձուր, Ու կամաւոր հոգի մը թող հաստատէ զիս։ 13Ամբարիշտներուն պիտի սորվեցնեմ քու ճամբաներդ, Ու մեղաւորները քեզի պիտի դառնան։ 14Ով Աստուած, իմ փրկութեանս Աստուածը, Փրկէ զիս արիւնհեղութենէ․ Լեզուս ցնծութեամբ պիտի խօսի քու արդարութեանդ վրայով։ 15Ով Տէր, իմ շրթունքներս բաց, Ու բերանս պիտի պատմէ քու գովութիւնդ։ 16Վասն զի զոհի չես հաճիր որ զանիկա մատուցանէի, Դուն ողջակէզի ալ չես հաւնիր։ 17Աստուծոյ զոհը կոտրած հոգին է․ Կոտրած ու խոնարհ սիրտը, ով Աստուած, դուն չես անարգեր։ 18Քու բարեսիրութիւնովդ Սիօնի բարիք ըրէ, Երուսաղէմի պարիսպները շինէ։ 19Այն ատեն պիտի հաւնիս արդարութեան զոհերուն, Ողջակէզներուն ու բոլորովին այրուած զոհերուն․ Այն ատեն քու սեղանիդ վրայ զուարակներ պիտի մատուցանեն։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)