Սաղմոսներ

53

Մարդոց անզգամութիւնը։ Գլխաւոր երաժշտին։ Մահալաթի վրայ․ Դաւիթի երգը։

1Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ թէ չկայ․ Ապականեցան ու պիղծ անօրէնութիւն ըրին․ Մէ՛կը չկայ որ աղէկութիւն ընէ։ 2Աստուած երկինքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն վրայ, Որպէս զի տեսնէ թէ կա՞յ արդեօք իմաստուն մէկը Որ զԱստուած փնտռէ։ 3Ամէնը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան․ Աղէկութիւն ընող մը չկայ, մէկ ալ չկայ։ 4Միթէ չե՞ն ճանչնար անօրէնութիւն ընողները, Որոնք ուտելու պէս իմ ժողովուրդս կ’ուտեն, Ու Աստուծոյ չեն կանչեր։ 5Անոնք այն տեղ շատ վախցան՝ ուր վախ չկար․ Վասզն զի քեզ պաշարողներուն ոսկորները ցրուեց Աստուած․ Ամչցուցիր զանոնք, վասն զի Աստուած անարգեց զանոնք։ 6Երանի՜ թէ Սիօնէ գար Իսրայէլի փրկութիւնը․ Աստուծոյ իր ժողովուրդը գերութենէն դարձուցած ատենը Յակոբ պիտի ցնծայ․ ու ուրախ պիտի ըլլայ։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)