Սաղմոսներ
54
Աղօթք թշնամիներէն պաշտպանուելու համար
Գլխաւոր երաժշտին, Նկինօթի վրայ, Դաւիթի երգը, այն ատեն որ Զիփացիք եկան ու ըսին Սաւուղի, Ահա Դաւիթ մեր քով պահուած է։
1Ով Աստուած, քու անունովդ զիս ազատէ, Ու քու զօրութիւնովդ իրաւունք ըրէ ինծի։ 2Ով Աստուած, լսէ իմ աղօթքս, Բերնիս խօսքերուն ականջ դիր․ 3Վասն զի օտարները իմ վրաս ելան, Ու բռնաւորները կը փնտռեն իմ անձս, Ու զԱստուած իրենց առջև չդրին։ (Սէլա։) 4Ահա Աստուած ինծի օգնական է․ Տէրը իմ հոգիիս պաշտպաններուն հետ է։ 5Չարութիւնը թշնամիներուս վրայ պիտի դարձնէ․ Քու ճշմարտութիւնովդ կորսնցուր զանոնք։ 6Ես իմ կամքովս քեզի զոհ պիտի մատուցանեմ․ Ով Տէր, քու անունդ պիտի գովեմ վասն զի բարի է։ 7Վասն զի ամէն նեղութենէ զիս փրկեց, Ու իմ աչքս թշնամիներուս կորուստը տեսաւ։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981