Սաղմոսներ
55
Բարեկամէ մը մատնուածի մը աղօթքը
Գլխաւոր երաժշտին, Նկինօթի վրայ․Դաւիթի երգը։
1Ով Աստուած, ականջ դիր իմ աղօթքիս, Ու իմ խնդրուածքէս քու երեսդ մի ծածկեր։ 2Մտիկ ըրէ ու պատասխանէ ինծի․ Իմ գանգատովս կը մոլորիմ ու կը խռովիմ, 3Թշնամիին ձայնէն ու ամբարշտին նեղութիւն տալէն․ Վասն զի իմ վրաս անիրաւութիւն կը բերեն, Ու բարկութիւնով զիս կը հալածեն։ 4Սիրտս դողաց իմ ներսիդիս, Ու մահուան արհաւիրքները իմ վրաս ինկան։ 5Վախ ու դող եկաւ իմ վրաս, Ու սոսկումը զիս ծածկեց։ 6Ու ըսի, Երանի՜ թէ աղաւնիի նման թևեր ունենայի, Որպէս զի թռչէի ու հանգիստ ըլլայի։ 7Ահա հեռուն կը փախչէի, Անապատին մէջ կը բնակէի։ (Սէլա։) 8Սաստիկ հովէն ու փոթորիկէն Իմ փախչիլս կ’արտորցնէի։ 9Ով Տէր, կորսնցուր, անոնց լեզուները բաժնէ, Վասն զի քաղաքին մէջ բռնութիւն ու կռիւ տեսայ։ 10Ցորեկ ու գիշեր անոր չորս կողմը, անոր պարիսպներուն վրայ, կը պտըտին․ Անօրէնութիւն ու չարիք կայ անոր մէջ։ 11Անոր մէջ եղեռնագործութիւն կայ․ Եւ բռնութիւնը ու նենգութիւնը անոր հրապարակներէն չեն զատուիր։ 12Վսան զի թշնամին չէր զիս նախատողը, որ համբերէի․ Կամ ատողը չէր իմ վրաս հպարտացողը, որ անկէ պահուէի․ 13Հապա դուն ով մարդ, իմ հաւասարս, Իմ ընկերս ու ճանչուորս, 14Որ իրարու հետ անոյշ խօսակցութիւն կ’ընէինք, Ու բազմութեան հետ Աստուծոյ տունը կ’երթայինք։ 15Մահը յանկարծ անոնց վրայ պիտի հասնի, Ու ողջ ողջ գերեզմանը պիտի իջնեն, Վասն զի իրենց բնակարաններուն ու իրենց մէջ չարութիւն կայ։ 16Իսկ ես Աստուծոյ պիտի կանչեմ, Ու Տէրը զիս պիտի փրկէ։ 17Իրիկունը, առտուն ու կէսօրը պիտի բողոքեմ ու հառաչեմ, Եւ անիկա պիտի լսէ իմ ձայնս։ 18Խաղաղութիւնով կը փրկէ իմ անձս ինծի դէմ եղած պատերազմէն, Վասն զի շատերը կան իմ քովս։ 19Աստուած պիտի լսէ, Ու յաւիտենականութեան մէջ բնակողը պիտի ցածցնէ զանոնք․ (Սէլա․) Որովհետև չեն փոխուիր անոնք, Ու Աստուծմէ չեն վախնար։ 20Ձեռքը իրեն հետ հաշտուածներուն վրայ երկնցուց, Իր ուխտը աւրեց։ 21Անոր բերնին խօսքերը կոգիէն կակուղ են, Բայց անոր սրտին մէջ պատերազմ կայ․ Անոր խօսքերը ձէթէն կակուղ են, Բայց մերկ սուրեր են։ 22Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ, Ու ան քեզ պիտի խնամէ, Անիկա յաւիտեան սասանութիւն չտար արդարին։ 23Բայց դուն, ով Աստուած, զանոնք ապականութեան գուբին մէջ պիտի իջեցնես․ Արիւնահեղ ու նենգաւոր մարդիկ օրերնուն կէսին պիտի չհասնին․ Սակայն ես քեզի պիտի յուսամ։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981