Սաղմոսներ

56

Աղօթք Աստուծոյ վստահութեան վրայ

Գլխաւոր երաժշտին, Եօնաթ-էլէմ-րէհօգիմի վրայ․ Դաւիթի երգը, երբ Փղշտացիք Գէթի մէջ բռնեցին զանիկա։

1Ով , ողորմէ ինծի, վասն զի մարդը կ’ուզէ զիս կլլել․ Ամէն օր ընելով զիս կը նեղէ։ 2Թշնամիներս ամէն օր կ’ուզեն զիս կլլել, Վասն զի շատ մարդիկ ամբարտաւանութիւնով ինծի հետ կը մարտնչին։ 3Վախցած օրս քեզի պիտի յուսամ։ 4Աստուծով պիտի գովեմ իր խօսքը․ Աստուծոյ կը յուսամ, պիտի չվախնամ․ Մարմինը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել։ 5Ամէն օր իմ բաներուս վնաս կու տան, Իմ վրայովս անոնց բոլոր խորհուրդները չարիքի համար են։ 6Կը ժողվուին ու կը պահուին, Իմ շաւիղներս կը դիտեն, Վասն զի իմ անձիս կը սպասեն։ 7Միթէ անօրէնութիւնով անոնց փրկութիւն կ’ըլլա՞յ․ Բարկութիւնով ժողովուրդները վար ձգէ, ով Աստուած։ 8Իմ թափառական պտըտիլս համրեցիր․ Արցունքներս քու տիկիդ մէջ դիր․ Միթէ անոնք քու գիրքիդ մէջ գրուած չե՞ն։ 9Քեզի կանչած օրս ետ պիտի դառնան իմ թշնամիներս․ Ասիկա գիտեմ, վասն զի Աստուած ինծի հետ է։ 10Աստուծով պիտի գովեմ իր խօսքը, Տէրոջմով պիտի գովեմ իր խօսքը։ 11Աստուծոյ կը յուսամ, պիտի չվախնամ․ Մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել։ 12Ով Աստուած, քու ուխտերդ իմ վրաս են․ Քեզի շնորհակալութիւններ պիտի հատուցանեմ։ 13Որովհետև իմ անձս մահուանէ ազատեցիր, Ոտքերս ալ գայթակղելէն չե՞ս ազատեր, Որպէս զի Աստուծոյ առջև քալեմ կենդանիներուն լոյսին մէջ։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981