Սաղմոսներ

57

Օգնութեան աղօթք

Գլխաւոր երաժշտին․ Ալ- թաշհէթ, Դաւիթի երգը, Սաւուղի երեսէն դէպ ի քարայրը փախած ատենը։

1Ողորմէ ինծի, ով , ողորմէ ինծի, Վասն զի իմ անձս քեզի կը յուսայ․ Ու քու թևերուդ հովանաւորութեանը պիտի ապաւինիմ, Մինչև որ թշուառութիւնները անցնին։ 2Բարձրեալ Աստուծոյն պիտի աղաղակեմ, Ինծի համար գործող Աստուծոյն։ 3Երկինքէն պիտի ղրկէ ու փրկէ զիս, Թէև զիս կլլել ուզողը զիս նախատէ․ (Սէլա․) Աստուած պիտի ղրկէ իր ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը։ 4Իմ անձս առիւծներու մէջ է․ Բոց փչող մարդոց որդիներուն մէջ կը պառկիմ, Որոնց ակռաները նիզակներ ու նետեր են, Եւ անոնց լեզուները սրած թուրեր են։ 5Ով Աստուած, երկինքի վրայ բարձրացիր․ Քու փառքդ բոլոր երկրի վրայ ըլլայ։ 6Իմ քայլերուս որոգայթ պատրաստեցին, Անձս վար ծռեցաւ․ Փոս փորեցին առջևս, Ու իրենք ինկան անոր մէջ։(Սէլա։) 7Սիրտս պատրաստ է, ով Աստուած, սիրտս պատրաստ է, Պիտի երգեմ ու սաղմոս պիտի ըսեմ, 8Արթնցիր, ով իմ փառքս, Արթնցիր, ով տաւիղ ու քնար, Ես կանուխ պիտի արթննամ։ 9Ով Տէր, ժողովուրդներուն մէջ քեզ պիտի գովեմ․ Սաղմոս պիտի երգեմ քեզի ազգերուն մէջ․ 10Վասն զի մեծ է քու ողորմութիւնդ մինչև երկինք, Ու քու ճշմարտութիւնդ մինչև ամպերը։ 11Երկինքի վրայ բարձրացիր, ով Աստուած, Քու փառքդ բոլոր երկրի վրայ ըլլայ։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981