Սաղմոսներ
58
Աղօթք չարը պատժելու համար
Գլխաւոր երաժշտին․ Ալ- թաշհէթ,Դաւիթի երգը։
1Իրաւցընէ անբարբառ արդարութի՞ւն կը խօսիք, Ուղղութիւնով դատաստա՞ն կը տեսնէք, ով մարդոց որդիներ։ 2Արդարև սրտով անօրէնութիւններ կը գործէք․ Երկրի վրայ ձեռքերնուդ բռնութիւնը կը կշռէք։ 3Ամբարիշտները իրենց մօրը արգանդէն խոտորեցան․ Որովայնէն կը մոլորին սուտ խօսելով։ 4Անոնց թոյնը օձի թոյնի պէս է, Խուլ իժի պէս՝ որ կը գոցէ իր ականջները, 5Որ չլսեր թովիչներուն ձայնը, Թէև վարպետութեամբ կախարդութիւն կ’ընեն։ 6Ով Աստուած, անոնց ակռաները իրենց բերաններուն մէջ փշրէ․ Ով Տէր, առիւծի կորիւններուն ժանիքները կոտրտէ։ 7Թող անոնք հալին ջուրերու պէս որ կը վազեն․ Երբ իրենց աղեղները կը լարեն, թող կոտրտին․ 8Խխունջի պէս՝ որ քալած ատենը կը հալի, Կնոջ մը վիժած զաւակին պէս արևը չտեսնեն։ 9Ձեր կաթսաներուն՝ փուշերուն կրակը զգալէն առաջ, Թէ՛ թարմ և թէ՛ այրուող փուշերը փոթորիկով պիտի ցրուէ։ 10Արդարը պիտի ուրախանայ, երբ վրէժխնդրութիւնը տեսնէ․ Իր ոտքերը ամբարշտին արիւնին մէջ պիտի լուայ։ 11Ու մարդը պիտի ըսէ թէ Իրաւցընէ արդարին համար վարձք կայ․ Իրաւցընէ Աստուած կայ, որ երկրի վրայ դատաւոր է։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981