Սաղմոսներ

59

Ապահովութեան աղօթք

Գլխաւոր երաժշտին․ Ալ- թաշհէթ, Դաւիթի երգը, այն ատեն որ Սաւուղ մարդիկ ղրկեց, ու տունը պաշարեցին որպէս զի մեռցնեն զանիկա։

1Թշնամիներէս զիս փրկէ, ով իմ Աստուածս․ Իմ վրաս ելլողներէն զիս վեր վերցուր։ 2Անօրէնութիւն գործողներէն զիս ազատէ, Ու արիւնահեղ մարդոցմէն զիս փրկէ։ 3Վասն զի ահա իմ անձիս համար դարանը մտան․ Զօրաւոր մարդիկ իմ վրաս ժողվուեցան, Ոչ թէ մեղքիս ու յանցանքիս համար, ով Տէր։ 4 չունեցած ատենս վրաս վազեցին ու պատրաստուեցան․ Արթնցիր զիս դիմաւորելու և նայէ։ 5Ով Տէր զօրութեանց, Աստուած Իսրայէլի, Արթնցիր բոլոր հեթանոսները քննելու․ Չար անօրէններուն բնաւ մի ողորմիր։ (Սէլա։) 6Անոնք իրիկուան ետ կը դառնան, Շան պէս կ’ոռնան, Ու քաղաքին չորս կողմը կը պտըտին։ 7Ահա իրենց բերնէն չարութիւն դուրս կը թափեն․ Անոնց շրթունքներուն վրայ սուրեր կան․ Վասն զի կ’ըսեն թէ Ո՞վ պիտի լսէ։ 8Բայց դուն, ով Տէր, անոնց վրայ պիտի ծիծաղիս։ Բոլոր հեթանոսները ծաղր պիտի ընես։ 9Ով իմ զօրութիւնս, քեզի պիտի սպասեմ․ Վասն զի Աստուած է իմ ապաւէնս։ 10Ողորմութեանս Աստուածը ինծի պիտի հասնի․ Աստուած պիտի ցուցնէ ինծի թշնամիներուս կորուստը։ 11Մի մեռցներ զանոնք, որպէս զի ժողովուրդս չմոռնայ․ Զանոնք ցիրուցան ըրէ քու զօրութիւնովդ, Ու վար ձգէ զանոնք, ով Տէր, մեր վահանը։ 12Անոնք իրենց բերաններուն մեղքին ու շրթունքներուն խօսքին համար Իրենց ամբարտաւանութեանը մէջ թող բռնուին, Նաև անէծքին ու սուտին համար զոր կը խօսին։ 13Կորսնցուր բարկութիւնով, կորսնցուր զանոնք՝ որպէս զի ոչնչանան, Ու գիտնան թէ Աստուած կը տիրէ Յակոբի վրայ Մինչև երկրի ծայրերը։(Սէլա։) 14Անոնք իրիկուան ետ պիտի դառնան, Շան պէս պիտի ոռնան, Ու քաղաքին չորս կողմը պտըտին․ 15Ուտելիքի համար պիտի թափառին, Եթե չկշտանան՝ գիշերը այնպէս անցընեն։ 16Բայց ես քու զօրութիւնդ պիտի երգեմ, Ու առտուանց քու ողորմութիւնովդ պիտի ցնծամ․ Վասն զի դուն ինծի պահապան եղար, Ու ապաւէն՝ իմ նեղութեանս օրը։ 17Ով իմ զօրութիւնս, քեզի սաղմոս պիտի երգեմ, Վասն զի իմ պաշտպանս Աստուած է, Իմ ողորմութեանս Աստուածը։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981