Սաղմոսներ
60
Փրկութեան աղօթք
Գլխաւոր երաժշտին, Շուշան- Էտութի վրայ․ Դաւիթի երգը՝ սորվեցնելու համար, այն ատեն որ պատերազմեցաւ Միջագետի Ասորւոց ու Սուբայի Ասորւոց հետ, ու Յովաբ ետ դառնալով՝ Եդովմայեցիներէն տասուերկու հազար հոգի զարկաւ Աղի ձորին մէջ։
1Ով Աստուած, մեզ երեսէ ձգեցիր, Մեզ ցրուեցիր ու բարկացար․ մեզի դարձիր։ 2Երկիրը դողացուցիր, զանիկա պատռեցիր․ Անոր փլած տեղերը նորոգէ, վասն զի կ’երերայ։ 3Քու ժողովուրդիդ խստութիւն ցուցուցիր, Մեզի թմրութեան գինի խմցուցիր։ 4Քեզմէ վախցողներուն դրօշակ տուիր․ Ճշմարտութեան համար վերցնելու*․ (Սէլա․) 5Որպէս զի քու սիրելիներդ փրկուին՝ Աջ ձեռքովդ ապրեցուր ու պատասխան տուր ինծի։ 6Աստուած իր սրբութիւնովը* խօսեցաւ, Ես պիտի ցնծամ, Սիւքէմը պիտի բաժնեմ, Ու Սոկքովթի հովիտը պիտի չափեմ։ 7Իմս է Գաղաադ ու իմս է Մանասէ, Եփրեմ գլխուս զօրութիւնն է․ Յուդա իմ օրէնսդիրս է․ 8Մովաբ իմ լուացուելու ամանս է․ Եդովմի վրայ պիտի ձգեմ իմ մուճակս․ Ով Փղշտացիք, ինծի համար ձայնով ցնծացէք։ 9Ո՞վ պիտի տանի զիս պարսպաւոր քաղաքը․ Ո՞վ պիտի առաջնորդէ ինծի մինչև Եդովմ։ 10Չէ՞ որ դուն, ով Աստուած, որ երեսէ ձգեցիր մեզ, Ու մեր զօրքերուն հետ չելար, ով Աստուած։ 11Նեղութեան մէջէն մեզի օգնութիւն տուր, Վասն զի փուճ է մարդուն փրկութիւնը։ 12Աստուծով քաջութիւն պիտի ընենք․ Ու ան պիտի կոխէ մեր թշնամիները։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981