Սաղմոսներ
61
Պահպանութեան աղօթք
Գլխաւոր երաժշտին․ Նկինօթի վրայ․ Սաղմոս Դաւթի։
1Ով Աստուած, լսէ իմ աղաղակս, Ու մտիկ ըրէ իմ աղօթքս։ 2Երկրի ծայրէն քեզի պիտի կանչեմ՝ սրտիս մարելու ատենը։ Ինծմէ բարձր եղած վէմին առաջնորդ է ինծի։ 3Վասն զի դուն ինծի ապաւէն մը եղար, Ամուր աշտարակ մը՝ թշնամիին երեսէն։ 4Քու խորանիդ մէջ պիտի բնակիմ ես յաւիտեան․ Քու թևերուդ հովանաւորութեանը տակ պիտի ապաւինիմ։ (Սէլա։) 5Վասն զի դուն, ով Աստուած․ լսեցիր իմ ուխտերս, Քու անունէդ վախցողներուն ժառանգութիւնը ինծի տուիր։ 6Թագաւորին օրերուն վրայ օրեր պիտի աւելցնես․ Անոր տարիները իբրև ազգէ մինչև ազգ պիտի ըլլան։ 7Անիկա յաւիտեան Աստուծոյ առջև պիտի նստի․ Ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն պատրաստէ, որպէս զի զանիկա պահպանեն։ 8Այսպէս սաղմոս պիտի երգեմ քու անուանդ յաւիտեան, Որպէս զի ամէն օր ուխտերս կատարեմ։ Վստահութիւն Աստուծոյ վրայ
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981