Սաղմոսներ

64

Աղօթք մը պահպանութեան համար

Գլխաւոր երաժշտին։ Սաղմոս Դաւթի։

1Ով , լսէ իմ ձայնս իմ գանգատելու ատենս․ Թշնամիին վախէն իմ կեանքս պահպանէ։ 2Ծածկէ զիս չարերուն ժողովքէն, Անօրէնութիւն գործողներուն բազմութենէն, 3Որոնք իրենց լեզուները թուրի պէս կը սրեն, Իրենց նետերը կը քաշեն, որոնք լեղի խօսքեր են, 4Գաղտուկ տեղէն անմեղին նետելու համար․ Յանկարծակի անոր կը նետեն ու չեն վախնար։ 5Իրենց մէջ չար խօսքեր կը հաստատեն․ Գաղտնի որոգայթներ դնելու համար կը խօսին, Կ’ըսեն թէ Զանոնք ո՞վ պիտի տեսնէ։ 6Անօրէնութիւն կը փնտռեն, Կ’ըսեն թէ Կատարեցինք մեր խորհած խորհուրդը․ Մարդուն ներսը և սիրտը խորունկ է։ 7Բայց Աստուած զանոնք պիտի զարնէ նետով, Անոնք յանկարծ պիտի վիրաւորին։ 8Ու իրենց լեզուն իրենց վրայ պիտի հանդպցնեն․ Ամէն զանոնք տեսնողները պիտի փախչին։ 9Եւ բոլոր մարդիկ պիտի վախնան, Ու Աստուծոյ գործը պատմեն, Ու անոր ըրածին ուշադրութեամբ պիտի նային։ 10Արդարը Տէրոջմով պիտի ուրախանայ, և անոր պիտի յուսայ․ Եւ ամէն ուղիղ սրտով եղողները պիտի պարծին։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)