Սաղմոսներ

65

Գովաբանութիւն և շնորհակալութիւն

Գլխաւոր երաժշտին․Դաւիթի Սաղմոսը ու երգը։

1Քեզի կը սպասէ օրհնութիւնը, ով , Սիօնի մէջ, Ու քեզի ուխտը պիտի կատարուի։ 2Ով աղօթքի լսող, Քեզի պիտի գայ ամէն մարմին։ 3Անօրէնութիւնները իմ վրաս զօրացան․ Մեր մեղքերը դուն պիտի քաւես։ 4Երանի՜ անոր զոր կ’ընտրես ու քեզի կը մօտեցնես, Որպէս զի բնակի քու սրահներուդ մէջ․ Պիտի լցուինք քու տանդ, Քու սուրբ տաճարիդ, բարութենէն։ 5Սքանչելի բաներով, արդարութիւնով, պիտի պատասխանես մեզի, Ով մեր փրկութեանը Աստուածը, Որ երկրի ամէն ծայրերուն ու ծովուն մէջ հեռուն եղողներուն յոյսն ես․ 6Որ քու զօրութիւնովդ լեռները հաստատեցիր, Կարողութիւնով կապուեցար․ 7Որ կը ցածցնես ծովուն ձայնը, Անոր ալիքներուն ձայնը, Ու ազգերուն խռովութիւնը։ 8Ու երկրի ծայրերը բնակողները պիտի վախնան քու նշաններէդ․ Առտուան ու իրիկուան ելքը դուն կ’ուրախացնես։ 9Երկրի այցելութիւն կ’ընես ու զանիկա կը ջրես, Շատ կը հարստացնես զանիկա․ Աստուծոյ գետը ջրով լեցուն է․ Անոնց ցորեն կը պատրաստես, Վասն զի այսպէս պատրաստեցիր զանիկա։ 10Անոր ակօսները կը խմցնես, Ու անոր փոսերը կը շիտկես․ Անձրևներով կը կակուղցնես զանիկա․ Կ’օրհնես անոր բոյսը։ 11Կը պսակես տարին քու բարութիւնովդ, Ու քու շաւիղներդ պարարտութիւն կը կաթեցնեն, 12Անապատի արօտներուն վրայ կը կաթեցնեն Ու բլուրները ուրախութիւնով պատած են։ 13Արօտները հօտերով հագուած են, Ու հովիտները ցորենով ծածկուած են․ Ցնծութեամբ կ’աղաղակեն ու կ’երգեն։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)