Սաղմոսներ

66

Երգ մը գովաբանութեան և շնորհակալութեան

Գլխաւոր երաժշտին․ Սաղմոս ու երգ։

1Ով բոլոր , ցնծութիւնով Աստուծոյ աղաղակեցէք։ 2Սաղմոս երգեցէք անոր անուանը փառքին, Փառաւոր ըրէք անոր օրհնութիւնը։ 3Աստուծոյ ըսէք թէ Ի՜նչպէս ահաւոր են քու գործերդ․ Քու մեծ զօրութեանդ համար Թշնամիներդ քեզի խոնարհութիւն պիտի ընեն*։ 4Բոլոր երկիր երկրպագութիւն պիտի ընեն քեզի․ Սաղմոս պիտի երգեն քեզի, Սաղմոս պիտի երգեն քու անուանդ։ (Սէլա։) 5Եկէք ու տեսէք Աստուծոյ ըրածները․ Անիկա իր գործովը մարդոց որդիներուն վրայ* ահաւոր է։ 6Ծովը ցամաքի դարձուց, Գետէն ոտքով անցան․ Այն տեղը իրմով ուրախացանք։ 7Իր ուժովը յաւիտեան կը տիրէ․ Անոր աչքերը ազգերը կը դիտեն․ Ապստամբները թող չբարձրանան։ (Սէլա։) 8Ով ժողովուրդներ, օրհնեցէք մեր Աստուածը, Ու լսել տուէք անոր գովութեան ձայնը։ 9Անիկա մեր հոգին կենդանի կը պահէ, Ու ոտքերնուս սասանիլ չտար։ 10Վասն զի դուն քննեցիր մեզ, ով ․ Փորձեցիր մեզ, ինչպէս արծաթը կը փորձուի։ 11Մեզ որոգայթի մէջ մտցուցիր, Ծանր բեռ դրիր մեր կռնակին վրայ։ 12Մեր գլուխներուն վրայ մարդիկ հեծցուցիր․ Կրակը ու ջուրը մտանք, Սակայն մեզ առատութեան տեղը հանեցիր։ 13Ողջակէզներով պիտի մտնեմ քու տունդ, Քեզի պիտի հատուցանեմ իմ ուխտերս, 14Զորոնք շրթունքներս խոստացան, Ու նեղութեանս մէջ բերանս խօսեցաւ։ 15Պարարտ ողջակէզներ պիտի մատուցանեմ քեզի խոյերու խունկով․ Զուարակներ պիտի զոհեմ նոխազներու հետ։ (Սէլա։) 16Եկէք լսեցէք դուք ամէնդ որ Աստուծմէ կը վախնաք, Ու պատմեմ ինչ որ ըրաւ իմ անձիս։ 17Բերնովս անոր աղաղակեցի, Ու լեզուովս զանիկա բարձրացուցի։ 18Եթե սրտիս մէջ անօրէնութիւն տեսնէի, Տէրը պիտի չլսէր։ 19Սակայն Աստուած լսեց, Իմ աղօթքիս ձայնը մտիկ ըրաւ։ 20Օրհնեալ ըլլայ Աստուած, որ իմ աղօթքս չմերժեց, Ու իր ողորմութիւնը ինծմէ ետ չդարձուց։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981