Սաղմոսներ

67

Երգ մը շնորհակալութեան

Գլխաւոր երաժշտին, Նկինօթի վրայ․ Սաղմոս ու երգ։

1 ողորմի մեզի ու օրհնէ մեզ, Երեսը փայլեցնէ մեր վրայ, (Սէլա։) 2Որպէս զի երկրի վրայ քու ճամբադ ճանչցուի Ու ամէն ազգերուն մէջ քու փրկութիւնդ։ 3Թող ժողովուրդները քեզ գովեն, ով Աստուած, Բոլոր ժողովուրդները քեզ գովեն։ 4Ազգերը թող ուրախանան ու ցնծան, Վասն զի ժողովուրդները ուղղութիւնով պիտի դատես, Ու երկրի ազգերուն դուն պիտի առաջնորդես։ (Սէլա։) 5Թող ժողովուրդները քեզ գովեն, ով Աստուած, Բոլոր ժողովուրդները քեզ գովեն։ 6 իր պտուղը պիտի տայ․ Ու Աստուած, մեր Աստուածը, մեզ պիտի օրհնէ։ 7Աստուած մեզ պիտի օրհնէ, Ու երկրի ամէն ծայրերը անկէ պիտի վախնան։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)