Սաղմոսներ
68
Յաղթանակի ազգային երգ մը
Գլխաւոր երաժշտին․ Դաւիթի Սաղմոսը ու երգը։
1Թող ելլէ Աստուած, անոր թշնամիները թող ցրուին, Ու զանիկա ատողները իր երեսէն թող փախչին։ 2Մուխին ցրուելուն պէս ցրուէ զանոնք․ Ինչպէս մոմը կրակին առջև կը հալի, Այսպէս թող կորսուին ամբարիշտները Աստուծոյ երեսէն։ 3Բայց արդարները թող ուրախանան, Աստուծոյ առջև թող ցնծան, Եւ ուրախութիւնով զուարճանան։ 4Երգեցէք Աստուծոյ, սաղմոս երգեցէք անոր անուանը․ Ճամբայ պատրաստեցէք անապատներուն մէջէն հեծնողին, Որուն անունը Եահ է, Ու ցնծացէք անոր առջև։ 5Որբերուն հայրը ու որբևարիներուն դատաւորը Աստուած է իր սուրբ բնակարանին մէջ։ 6Աստուած մինակ եղողները տան մէջ կը բնակեցնէ, Կապուածները յաջողութեան կը հանէ․ Բայց ապստամբները չոր տեղ կը բնակին։ 7Ով Աստուած, քու ժողովուրդիդ առջևէն գացած ատենդ, Անապատէն անցած ատենդ, (Սէլա,) 8Երկիր շարժեցաւ, երկինք ալ շաղ կաթեցուց Աստուծոյ երեսէն․ Սինա ալ շարժեցաւ Աստուծոյ, Իսրայէլի Աստուծոյն, առջևէն։ 9Ով Աստուած, քու ժառանգութեանդ առատօրէն անձրև տալով, Երբ յոգնած էր, դուն հաստատեցիր զանիկա։ 10Քու ժողովուրդդ անոր մէջ բնակեցաւ․ Քու քաղցրութիւնովդ աղքատին համար պատրաստեցիր, ով Աստուած։ 11Տէրը պատգամ տուաւ․ Աւետիս տուողները մեծ բազմութիւն են։ 12Զօրքերուն թագաւորները կը փախչին․ Կը փախչին, ու տան մէջ բնակող կինը աւարը կը բաժնէ։ 13Թէև գոմերուն մէջտեղը պառկած ըլլաք, Աղաւնիի թևերուն պէս պիտի ըլլաք արծաթով պատած, Ու անոր փետուրները դեղին ոսկիով։ 14Ամենակարողին՝ այն երկրին վրայ թագաւորները ցրուած ատենը, Երկիր Սելմօնի մէջի ձիւնին պէս ճերմկցաւ։ 15Աստուծոյ լեռը Բասան լեռն է, Բազմագագաթ լեռը Բասան լեռն է։ 16Ով բազմագագաթ լեռներ, ինչո՞ւ նախանձով կը նայիք․ Ասիկա այն լեռն է՝ որուն մէջ Աստուած հաճեցաւ բնակիլ․ Յիրաւի Տէրը հոն պիտի բնակի յաւիտեան։ 17Աստուծոյ կառքերը երկու անգամ տասը հազար են, հազար հազարաց*․ Տէրը անոնց մէջ է, իր սուրբ տեղն է իբրև Սինայի մէջ։ 18Բարձր տեղը ելար, գերութիւնը գերի ըրիր, Պարգևներ առիր մարդոց համար, Ու ապստամբներուն համար ալ, Որպէս զի Տէր Աստուած անոնց մէջ բնակի։ 19Տէրը օրհնեալ ըլլայ օրէ օր․ Եթե մէկը բեռ մը դնէ մեր վրայ, Աստուած է մեր փրկիչը։ (Սէլա։) 20Աստուած մեզի փրկութեան Աստուած է, Ու մահուանէ ազատուիլը Տէր Եհովայէ է։ 21Սակայն Աստուած պիտի փշրէ իր թշնամիներուն գլուխը, Նաև իր անօրէնութիւններուն մէջ պտըտողին գիսաւոր գագաթը։ 22Տէրը ըսաւ, Զանոնք Բասանէ ետ դարձնեմ․ Ծովուն անդունդներէն ետ դարձնեմ․ 23Այնպէս որ ոտքդ արեան մէջ թաթխուի, Շուներուդ լեզուն թշնամիներէն իր բաժինը առնէ։ 24Քու քալուածքներդ տեսան, ով Աստուած, Իմ Աստուծոյս, իմ Թագաւորիս, քալուածքները սուրբ տեղին մէջ։ 25Առջևէն երգեցողները գացին, Ետևէն նուագածուները՝ Թմբուկ զարնող կոյսերուն մէջտեղը։ 26Ժողովուրդներուն մէջ օրհնեցէք զԱստուած, Տէրը, ով Իսրայէլի աղբիւրէն եղողներ։ 27Այն տեղ է փոքր Բենիամինը, անոնց տիրապետողը, Յուդայի իշխանները իրենց բազմութիւնովը, Զաբուղոնի իշխանները ու Նեփթաղիմի իշխանները։ 28Քու Աստուածդ քու զօրութիւնդ հաստատեց․ Զօրացուր, ով Աստուած, այն բանը զոր մեզի համար ըրիր։ 29Երուսաղէմ եղող տաճարիդ համար Թագաւորները քեզի ընծաներ պիտի բերեն։ 30Եղէգներու մէջ բնակող գազանները, ու ցուլերուն ժողովքը Ժողովրդոց զուարակներուն հետ սաստէ, Որպէս զի խոնարհին՝ արծաթի կտորներ բերելով․ Պատերազմ սիրող ժողովուրդները ցրուէ։ 31Եգիպտոսէ ազնուականներ պիտի գան․ Եթէովպիա իր ձեռքերը շուտով Աստուծոյ պիտի երկնցնէ։ 32Ով երկրի թագաւորութիւններ, երգեցէք Աստուծոյ, Սաղմոս ըսէք Տէրոջը, (Սէլա,) 33Անոր՝ որ ի յաւիտենից երկինքներուն երկնից վրայ կը նստի, Ահա անիկա իր ձայնովը զօրաւոր ձայն կու տայ։ 34Զորութիւն տուէք Աստուծոյ․ Անոր մեծվայելչութիւնը Իսրայէլի վրայ է, Ու անոր զօրութիւնը ամպերուն մէջ է։ 35Ահաւոր ես, ով Աստուած, քու սուրբ տեղերուդ մէջ․ Իսրայէլի Աստուածը Ինք կու տայ իր ժողովուրդին ոյժ ու կարողութիւն․ Աստուած օրհնեալ ըլլայ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981