Սաղմոսներ

69

Օգնութեան աղերս

Գլխաւոր երաժշտին, Շօշանիմի վրայ․ Սաղմոս Դաւիթի։

1Ապրեցուր զիս, ով , Վասն զի ջուրերը իմ անձիս հասան։ 2Խորունկ ցեխի մէջ կ’ընկղմիմ, Ուր կայնելու տեղ չկայ․ Ջուրերուն խորունկ տեղերը մտայ, Ու յորձանքները զիս ընկղմեցին։ 3Յոգնեցայ ես կանչելէս, կոկորդս ցամքեցաւ, Աչքերս նուաղեցան իմ Աստուծոյս սպասելէն։ 4Առանց պատճառի զիս ատողները գլխուս մազերէն շատ են․ Զիս փուճ տեղ կորսնցնող թշնամիներս զօրացան․ Այն բանը զոր չէի յափշտակեր, այն ատեն վճարեցի։ 5Ով Աստուած, իմ յիմարութիւնս դուն գիտես, Ու յանցանքներս քեզմէ ծածկուած չեն։ 6Քեզի համբերողները իմ պատճառաւս չամչնան, Ով Տէր, զօրաց Տէրը․ Քեզ փնտռողները իմ պատճառաւս ամօթով չըլլան, Ով Իսրայէլի Աստուածը։ 7Վասն զի քեզի համար նախատինքի համբերեցի, Ամօթը ծածկեց իմ երեսս։ 8Եղբայրներուս օտար՝ Ու մօրս որդիներուն անծանօթ եղայ։ 9Վասն զի քու տանդ նախանձը զիս կերաւ, Ու քեզ նախատողներուն նախատինքները իմ վրաս ինկան։ 10Իմ անձիս ծոմ պահելովը լացի, Ու այս ինծի նախատինք սեպուեցաւ։ 11Եւ իմ հանդերձս քուրձ ըրի, Ու անոնց եղայ։ 12Դուռը նստողները իմ վրայովս կը խօսին, Ու արբեցողներուն խաղը եղայ։ 13Բայց ես իմ աղօթքս կ’ընեմ քեզի, Ով Տէր, ընդունելի ժամանակին, Ով Աստուած, քու մեծ ողորմութիւնովդ, Քու փրկութեանդ ճշմարտութիւնովը ինծի պատասխան տուր․ 14Հանէ զիս ցեխէն, ու չընկղմիմ․ Զիս ատողներէն ու խորունկ ջուրերէն ազատուիմ։ 15Ջուրերուն յորձանքը թող զիս չընկղմէ, Ու անդունդը զիս չկլլէ, Ու ջրհորը իր բերանը վրաս չգոցէ։ 16Պատասխան տուր ինծի, ով Տէր, Վասն զի քու ողորմութիւնդ քաղցր է․ Քու առատ գթութեանդ համեմատ նայէ ինծի, 17Ու երեսդ մի ծածկեր քու ծառայէդ, Վասն զի ես նեղութեան մէջ եմ․ Շուտով պատասխան տուր ինծի։ 18Իմ անձիս մօտեցիր ու զանիկա փրկէ․ Իմ թշնամիներուս համար զիս ազատէ։ 19Դուն գիտես իմ նախատինքս Եւ իմ ամօթս ու իմ խայտառակութիւնս․ Քու առջևդ են բոլոր զիս նեղողները։ 20Նախատինքը սիրտս կոտրեց ու հիւանդ եղայ․ Վշտակից եղողի մը նայեցայ, բայց չկար, Ու մխիթարութիւն տուողներուն՝ բայց չգտայ։ 21Հապա կերակուրի տեղ թոյն տուին ինծի, Ու ծարւած ատենս քացախ խմցուցին ինծի։ 22Անոնց սեղանը իրենց առջև որոգայթ, Ու յաջողութեան տեղ վարմ ըլլայ։ 23Անոնց աչքերը մթանան որպէս զի չտեսնեն․ Ու անոնց մեջքերը միշտ դողացուր։ 24Քու սրտմտութիւնդ անոնց վրայ թափէ, Ու սաստիկ բարկութիւնդ անոնց վրայ հասնի։ 25Անոնց բնակարանը աւերակ ըլլայ, Ու անոնց վրաններուն մէջ բնակող չգտնուի։ 26Վասն զի զայն զոր դուն զարկիր, անոնք կը հալածեն, Եւ քու վիրաւորածիդ ցաւին վրայով կը խօսին։ 27Անոնց անօրէնութեանը վրայ անօրէնութիւն դիր, Եւ քու արդարութեանդ չհասնին։ 28Կենաց գիրքէն թող ջնջուին, Ու արդարներուն հետ չգրուին։ 29Բայց ես ու վշտացած եմ․ Ով Աստուած, քու փրկութիւնդ թող զիս պաշտպանէ։ 30Աստուծոյ անունը պիտի գովեմ երգով, Ու պիտի բարձրացնեմ զանիկա գոհութիւնով։ 31Ու ասիկա եղջերաւոր ու կճղակաւոր եզէն ու զուարակէն Աւելի ընդունելի պիտի ըլլայ Տէրոջը։ 32Հեզերը պիտի տեսնեն և ուրախանան․ Ով զԱստուած փնտռողներ, ձեր սիրտն ալ պիտի ապրի։ 33Վասն զի Տէրը տնանկներուն կը լսէ, Ու իր կապուածները չանարգեր։ 34Թող գովեն զանիկա երկինք ու , Ծով ու բոլոր անոր մէջ շարժողները։ 35Վասն զի Աստուած Սիօնը պիտի փրկէ․ Ու Յուդայի քաղաքները պիտի շինէ, Եւ հոն պիտի բնակին ու ժառանգեն զանիկա, 36Եւ իր ծառաներուն սերունդը պիտի ժառանգէ զանիկա, Ու իր անունը սիրողները անոր մէջ պիտի բնակին։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)