Սաղմոսներ

7

Աղօթք արդարութեան համար

Շիկկայօն Դաւթի, զոր երգեց Տէրոջը Բենիամինեան Քուշի խօսքերուն համար։

1Ով իմ Տէր Աստուածս, քեզի կը յուսամ, Փրկէ զիս իմ ամէն հալածիչներէս ու ազատէ զիս․ 2Չըլլայ որ առիւծի պէս իմ անձս գիշատէ, Ու պատառէ և ազատող մը չըլլայ։ 3Ով իմ Տէր Աստուածս, եթէ այս բանը ըրի, Կամ թէ իմ ձեռքերուս մէջ անօրէնութիւն կայ, 4Եթէ բարեկամիս չարութիւն ըրի, Ու յափշտակեցի զանիկա՝ որ առանց պատճառի իմ թշնամիս էր, 5Թող թշնամին հալածէ իմ անձս ու հասնի անոր, Ու երկրի վրայ կոխկռտէ իմ կեանքս, Եւ իմ փառքս հողի վրայ բնակեցնէ։ (Սէլա։) 6Ելիր, ով Տէր, քու բարկութիւնովդ, Իմ թշնամիներուս կատաղութիւններուն դէմ բարձր եղիր, Եւ քու հրամայած դատաստանիդ ինծի համար արթնցիր։ 7Եւ ժողովուրդներուն ժողովը քու չորս կողմդ պիտի պատեն․ Անոնց վրայ դէպ ի բարձրը դարձիր։ 8Տէրը պիտի դատէ ժողովուրդները․ Ով Տէր, իմ դատաստանս տես, Իմ ունեցած արդարութեանս ու անմեղութեանս նայելով։ 9Ամբարիշտներուն չարութիւնը թող հատնի։ Բայց դուն արդարը հաստատէ․ Վասն զի դուն, ով արդար , կը քննես սիրտերը ու երիկամունքները։ 10Իմ պաշտպանութիւնս Աստուծմէ է, Որ կ’ապրեցնէ սրտով ուղիղները։ 11Աստուած արդար դատաւոր է, Ու Աստուած մեղաւորին ամէն օր բարկացած է․ 12Եթէ անիկա չդառնայ, իր սուրը պիտի սրէ․ Աղեղը լարեր ու պատրաստեր է։ 13Ու մահու գործիքները անոր համար պատրաստեր է, Իր նետերը հալածիչներուն համար շիներ է։ 14Ահա անօրէնութեան երկունքը բռնեց զանիկա․ Չարութիւն յղացաւ ու ստութիւն ծնաւ։ 15Հոր փորեց ու խորունկցուց, Բայց իր շինած փոսին մէջ ինք պիտի իյնայ, 16Անոր չարութիւնը իր գլուխը պիտի դառնայ, Ու անոր բռնութիւնը իր գագաթին վրայ պիտի իջնէ։ 17Գոհութիւն պիտի մատուցանեմ Տէրոջը իր արդարութեանը համար, Ու սաղմոս պիտի երգեմ Բարձրեալ Տէրոջը անուանը։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)