Սաղմոսներ

71

Ծերունիի մը աղօթքը

1Ով Տէր, քեզի յուսացայ, Չամչնամ յաւիտեան: 2Քու արդարութիւնովդ զիս ապրեցուր ու ազատէ զիս. Ականջդ ծռէ ինծի ու փրկէ զիս: 3Ինծի ապաւինութեան վէմ եղիր, Որպէս զի միշտ հոն երթամ. Դուն հրաման տուիր զիս փրկելու, Վասն զի իմ վէմս ու բերդս դուն ես: 4Ով իմ Աստուածս, ամբարշտին ձեռքէն, Անօրէնին ու բռնաւորին ձեռքէն, զիս փրկէ: 5Վասն զի իմ ակնկալութիւնս դուն ես, ով Տէր Եհովա. Մանկութենէս ի վեր իմ յոյսս դուն ես. 6Ես քեզի հաստատուեցայ արգանդէն, Մօրս որովայնէն իմ պաշտպանս դուն ես. Իմ գովութիւնս միշտ քու վրադ է: 7Զարմանալի բանի մը պէս եղայ շատերուն, Բայց իմ զօրաւոր ապաւէնս դուն ես: 8Բերանս քու գովաբանութիւնովդ լցուի, Ամէն օր քու փառաբանութիւնովդ: 9Ծերութեան ատենս զիս մի ձգեր. Ույժիս պակսած ատենը զիս մի թողուր: 10Վասն զի թշնամիներս ինծի համար կը խօսին, Ու իմ անձս պաշարողները մէկտեղ խորհուրդ կ’ընեն, 11Ըսելով, թողուց զանիկա. Հալածեցէք ու բռնեցէք զանիկա, Վասն զի ազատող մը չկայ: 12Ով Աստուած, ինծմէ մի հեռանար. Ով իմ Աստուածս, ինծի օգնելու արտորցիր: 13Թող ամչնան ու կորսուին իմ անձիս հակառակորդները. Նախատինքով ու ամօթով թող ծածկուին ինծի չարութիւն ուզողները: 14Բայց ես ամէն ատեն պիտի յուսամ, Եւ քու ամէն գովաբանութիւններուդ վրայ պիտի աւելցնեմ: 15Բերանս պիտի պատմէ քու արդարութիւնդ, Ամէն օր քու փրկութիւնդ. Վասն զի ես անոնց համրանքը չեմ գիտեր: 16Պիտի քալեմ Տէր Եհովայի զօրութիւնովը. Քու արդարութիւնդ, միայն քուկինդ, պիտի յիշեմ: 17Ով Աստուած, մանկութենէս ի վեր սորվեցուցիր ինծի. Ու մինչև հիմա քու հրաշալի գործերդ պատմեցի: 18Ու հիմա մինչև ծերոթեան ու ալևորութեան ատենս Զիս մի ձգեր, ով Աստուած, Մինչև որ պատմեմ քու կարողութիւնդ գալու ազգին, Եւ քու զօրութիւնդ այն ամէնուն որոնք պիտի գան: 19Քու արդարութիւնդ ալ շատ բարձր է, ով Աստուած, Որ մեծամեծ բաներ ըրիր. Քեզի պէս ո՞վ կայ, ով Աստուած: 20Դուն որ շատ ու ծանր նեղութիւններ ցուցուցիր ինծի, Նորէն զիս պիտի կենդանացնես, Ու երկրի անդունդներէն նորէն զիս պիտի հանես: 21Իմ մեծութիւնս պիտի շատցնես, Ու դառնալով զիս պիտի մխիթարես: 22Ուստի ես ալ պիտի գովեմ քեզ տաւիղով Քու ճշարտութեանդ համար, ով իմ Աստուածս. Սաղմոս պիտի երգեմ քեզի քնարով, Ով Իսրայէլի Սուրբը: 23Քեզի սաղմոս երգած ատենս իմ շրթունքներս պիտի ցնծան, Ու իմ հոգիս` զոր դուն փրկեցիր: 24Իմ լեզուս ալ ամէն օր քու արդարութիւնդ պիտի խօսի, Վասն զի ինծի չարիք ուզողները ամչըցան ու խայտառակ եղան:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)