Սաղմոսներ
72
Աղօթք մը Սողոմոն թագավորին համար
Սողոմոնի համար*
1Ով Աստուած, քու դատաստաններդ թագաւորին տուր, Ու արդարութիւնը` թագաւորին որդւոյն: 2Անիկա արդարութիւնով պիտի դատէ քու ժողովուրդդ, Ու աղքատներդ` իրաւունքով: 3Լեռները խաղաղութիւն պիտի բուսցնեն ժողովուրդին, Ու բլուրներն ալ` արդարութիւնով: 4Ժողովուրդին աղքատներուն իրաւունք պիտի ընէ, Տնանկին զաւակները պիտի ազատէ, Ու բռնաւորը պիտի ջարդէ: 5Քեզմէ պիտի վախնան քանի որ արեգակը ու լուսինը կը մնան, Ազգէ մինչև ազգ: 6Հնձուած խոտի վրայ իջած անձրևի պէս պիտի իջնէ, Տարափներու պէս` որոնք երկիրը կը թրջեն: 7Անոր օրերուն մէջ արդարը պիտի ծաղկի. Ու շատ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ, Մինչև որ ալ լուսին չըլլայ: 8Ու ծովէն մինչև ծովը պիտի տիրէ անիկա, Ու Գետէն մինչև երկրի ծայրերը: 9Անոր առջև անապատին բնակիչները ծունկ պիտի կրկնեն, Ու անոր թշնամիները փոշի պիտի լզեն: 10Թարսիսի ու կղզիներուն թագաւորները ընծայ պիտի մատուցանեն. Շաբայի ու Սաբայի թագաւորները պարգև պիտի բերեն: 11Ու բոլոր թագաւորները անոր երկրպագութիւն պիտի ընեն. Բոլոր ազգերը անոր պիտի ծառայեն․ 12Վասն զի աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը, Խեղճն ալ, ու զանիկա ալ որ օգնութիւն չունի: 13Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին, Եւ տնանկներուն անձերը պիտի ազատէ: 14Հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ անոնց անձը, Եւ անոնց արիւնը պատուական պիտի ըլլայ անոր առջև: 15Ու պիտի ապրի, և Շաբայի ոսկիէն անոր պիտի տրուի. Ու ամէն ատեն աղօթք պիտի մատուցուի անոր համար. Ամէն օր պիտի օրհնեն զանիկա: 16Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ` Լեռներուն գլուխը. Անոր պտուղը Լիբանանի պէս պիտի շարժի. Ու գետնի խոտին պէս պիտի ծաղկին քաղաքացիները: 17Անոր անունը յաւիտեան պիտի մնայ. Քանի որ արեգակը կը մնայ, անոր անունն ալ պիտի մնայ. Ու մարդիկ անով պիտի օրհնուին. Ամէն ազգերը երանութիւն պիտի տան անոր: 18Օրհնեալ ըլլայ Տէր Աստուած, Իսրայէլի Աստուածը. Միայն ինքն է հրաշքներ ընողը: 19Ու օրհնեալ ըլլայ յաւիտեան անոր փառաւոր անունը, Ու բոլոր երկիր թող լցուի անոր փառքովը: Ամէն ու ամէն: 20Յեսսէի որդւոյն Դաւիթի աղօթքները լմնցան: