Սաղմոսներ

73

Աստուծոյ արդարութիւնը

Սաղմոս Ասափայ

1Յիրաւի է Իսրայէլի, Այսինքն սրտով մաքուր եղողներուն: 2Բայց քիչ մնաց որ իմ ոտքերս պիտի ծռէին, Ու մազ մնաց որ իմ քայլերս գայթակղէին: 3Վասն զի նախանձեցայ հպարտներուն, Երբ ամբարիշտներուն յաջողութիւնը տեսայ. 4Քազի իրենց մահուան ժամանակն ալ ցաւեր չունին. Մարմիննին ալ պարարտ է: 5Անոնք մարդոց նեղութեանը մէջ չեն, Եւ ուրիշ մարդոց հետ չեն տանջուիր: 6Անոր համար վզնոցի պէս ամբարտաւանութիւնը զանոնք կը շրջապատէ. Բռնութիւնը հանդերձի պէս զանոնք կը ծածկէ: 7Անոնց աչքերը պարարտութենէն դուրս կ’ելլեն. Անոնք սրտի խորհուրդներէն անդին կ’անցնին: 8Ծաղր կ’ընեն ու չարութիւնով կը խօսին բռնութեան համար, Հպարտութիւնով կը խօսին: 9Բերաննին երկինքի դէմ կը դնեն, Ու իրենց լեզուն երկրի մէջ կը պտըտի: 10(Անոր համար իր ժողովուրդը հոս պիտի դառնայ, Ու առատութիւնով պիտի քամուի անոնց:) 11Ու կ’ըսեն, Աստուած ի՞նչպէս գիտէ. Ու Բարձրելոյն քով գիտութիւն կա՞յ: 12Ահա անոնք են ամբարիշտները, Որ միշտ յաջողութիւն ունին, ու հարըստութիւն կ’աւելցնեն: 13Յիրաւի զուր տեղը իմ սիրտս մաքրեցի, Ու իմ ձեռքերս անմեղութիւնով լուացի. 14Որովհետև ամէն օր կը տանջուիմ, Ու ամէն առտու կը խրատուիմ: 15Եթէ ըսէի թէ ես այսպէս խօսիմ, Ահա քու որդիներուդ ազգին նենգութիւն ըրած պիտի ըլլայի: 16Երբ խորհեցայ ասիկա իմանալու, Դժուար եկաւ իմ աչքերուս. 17Մինչև որ Աստուծոյ սրբարանը մտայ, Ու անոնց վերջը իմացայ: 18Իրաւ որ դուն զանոնք սահելու տեղերը դրեր ես. Կործանման մէջ իջեցուր զանոնք: 19Ի՜նչպէս յանկարծակի աւերմունքի մէջ ինկան. Հատան ու վախերով կորսուեցան: 20Ինչպէս մը մարդուն արթննալէն ետքը, Ով Տէր, քաղաքին մէջ* անոնց պատկերը այնպէս պիտի անարգես: 21Բայց իմ սիրտս ցաւեցաւ, Ու իմ երիկամունքներէս խոցուեցայ: 22Ու ես յիմար էի ու չէի իմանար, Քու առջևդ անասուններու պէս էի: 23Սակայն ես միշտ քեզի հետ եմ, Դուն իմ աջ ձեռքէս կը բռնես: 24Դուն պիտի առաջնորդես ինծի քու խորհրդովդ, Ու վերջը փառքով զիս պիտի ընդունիս: 25Ո՞վ ունիմ ես երկինքի մէջ. Երկրի վրայ ալ քեզմէ ուրիշը չեմ ուզեր: 26Իմ մարմինս ու սիրտս կը մաշին. Բայց Աստուած իմ սրտիս զօրութիւնը ու իմ բաժինս է յաւիտեան: 27Վասն զի ահա անոնք որ քեզմէ կը հեռանան, կը կորսուին. Դուն կը սատկեցնես ամէնը որ շնութիւն կ’ընեն` քեզմէ մոլորելով: 28Բայց Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի. Յոյսս դրեր եմ Տէր Եհովայի վրայ, Որպէս զի քու բոլոր գործերդ պատմեմ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)