Սաղմոսներ
74
Ազգին փրկութեան համար աղօթք մը
Երգ Ասափայ
1Ով Աստուած, ինչո՞ւ մեզ բոլորովին մերժեցիր, Ու բարկութիւնդ կը մխայ քու արօտիդ ոչխարներուն վրայ: 2Յիշէ քու ժողովուրդդ զոր սկիզբէն ստացեր ես, Քու ժառանգութեանդ վիճակը զոր փրկեր ես, Ու այս Սիօն լեռը ուր բնակեր ես: 3Բարձրացուր քու քայլերդ դէպի բոլորովին աւրուածները, Ու սուրբ տեղին մէջ թշնամիին ըրած բոլոր գէշ գործերը: 4Քու թշնամիներդ կը պոռան քու ժողովքիդ մէջ. Իրենց նշանները նշանի տեղ կը դնեն: 5Անիկա անտառի ծառերուն վրայ Կացիններ վերցնողի մը պէս գիտցուեցաւ. 6Ու հիմա անոր քանդակագործ զարդերը, Ամէնը մէկէն, կացիններով ու մուրճերով կը կոտրտեն: 7Կրակով այրեցին քու սրբարանդ. Մինչև գետինը կործանեցին քու անուանդ բնակարանը: 8Իրենց սրտերուն մէջ ըսին թէ Կորսընցնենք ասոնք ամէնը մէկտեղ. Երկրին մէջ Աստուծոյ բոլոր ժողովարանները այրեցին: 9Մեր նշանները չենք տեսներ. Ալ մարգարէ չկայ. Ու մեր քով մէկն ալ չկայ, Որ գիտնայ թէ ասիկա մինչև ե°րբ պիտի տևէ: 10Ով Աստուած, մինչև ե՞րբ նախատինք պիտի ընէ նեղիչը. Թշնամին մինչև յաւիտեան քու անունդ պիտի անարգէ՞: 11Ինչո՞ւ ետ կը քաշես քու ձեռքդ ու աջ ձեռքդ. Զանիկա ծոցէդ հանէ ու կորսնցուր զանոնք: 12Բայց սկիզբէն իմ թագաւորս Աստուած է, Որ փրկութիւններ կ’ընէ երկրի մէջ: 13Դուն քու զօրութիւնովդ ծովը պատառեցիր, Վիշապներուն գլուխները ջուրերուն մէջ փշրեցիր: 14Դուն ջարդեցիր Լևիաթանի գլուխները. Զանիկա կերակուր ըլլալու տուիր անապատին մէջի ժողովուրդին: 15Դուն ճեղքեցիր աղբիւրը ու վտակը, Դուն չորցուցիր մշտնջենաւոր գետերը: 16Քուկդ է ցորեկը, և քուկդ է գիշերը. Լոյսը ու արևը դուն պատրաստեցիր: 17Դուն հաստատեցիր երկրի ամէն սահմանները. Ամառը ու ձմեռը դուն ստեղծեցիր; 18Յիշէ ասիկա` որ թշնամին նախատինք տուաւ Տէրոջը, Ու յիմար ժողովուրդը քու անունդ անարգեց: 19Մի մատներ գազանին քու տատրակիդ անձը. Մի մոռնար յաւիտեան քու աղքատներուդ կեանքը: 20Նայէ քու ուխտիդ, վասն զի երկրի խաւար տեղերը Բռնութեան բնակարաններով լցուած են: 21Թող խեղճը ետ չդառնայ ամօթով. Թող աղքատը ու տնանկը օրհնեն քու անունդ: 22Ելիր, ով Աստուած, քու դատդ պաշտպանէ. Յիշէ այն նախատինքը` զոր անզգամը ամէն օր քեզի կ’ընէ: 23Մի մոռնար քու թշնամիներուդ ձայնը. Քեզի դէմ ոտք ելլողներուն խռովութիւնը ամէն ժամանակ կը բարձրանայ: