Սաղմոսներ
77
Տագնապի ժամու մխիթարութիւն
Գլխաւոր երաժշտին, Իդիթունի վրայ. Ասափի Սաղմոսը։
1Իմ ձայնս Աստուծոյ է, ու ես կ’աղաղակեմ. Իմ ձայնս Աստուծոյ է, ու ան ինծի պիտի լսէ: 2Իմ նեղութեանս օրը Տէրը փնտռեցի. Գիշերը տարածուած էր իմ ձեռքս ու չէր թուլնար. Իմ անձս մխիթարուիլ չէր ուզեր: 3ԶԱստուած յիշեցի ու անհանգիստ եղայ. Խորհեցայ ու իմ հոգիս մարեցաւ: (Սէլա:) 4Իմ աչքերս արթուն պահեցիր. Խռովեցայ ու չկրցայ խօսիլ: 5Միտքս բերի առաջուան օրերը, Հին ժամանակներուն տարիները: 6Գիշերուան մէջ կը յիշեմ իմ երգս. Իմ սրտիս հետ կը խօսիմ. Ու իմ հոգիս ալ քննութիւն կ’ընէ: 7Արդեօք Տէրը յաւիտեան պիտի մերժէ՞, Ու ալ բնաւ պիտի չհաճի՞: 8Միթէ անոր ողորմութիւնը բոլորովին պակսեցա՞ւ, Ու իր խոստմունքը վերջացա՞ւ ազգէ մինչև ազգ: 9Միթէ Աստուած գթութիւն ընելը մոռցա՞ւ, Միթէ բարկութիւնով արգիլե՞ց իր ողորմութիւնը: (Սէլա:) 10Ուստի ըսի, Այս է իմ տկարութիւնս, Բարձրելոյն աջ ձեռքին փոփոխութիւնը*: 11Տէրոջը գործերը պիտի յիշեմ. Յիրաւի քու առաջուան հրաշքներդ պիտի յիշեմ: 12Բոլոր գործերուդ վրայ պիտի խորհիմ, Ու քու ըրածներուդ վրայ պիտի մտածեմ: 13Ով Աստուած, քու ճամբադ սրբութեան մէջ է. Աստուծոյ պէս մեծ Աստուած ո՞վ կայ: 14Հրաշքներ ընող Աստուածը դուն ես. Քու զօրութիւնդ ժողովուրդներուն մէջ ցուցուցիր: 15Քու բազուկովդ փրկեցիր քու ժողովուրդդ: Յակոբի ու Յովսէփի որդիները: (Սէլա:) 16Ջուրերը քեզ տեսան, ով Աստուած, Ջուրերը քեզ տեսան ու դողացին. Անդունդներն ալ սարսափեցան: 17Ամպերը ջուր թափեցին. Երկինքները ձայն հանեցին. Նետերդ ալ գացին: 18Քու որոտմունքիդ ձայնը երկինքն էր. Փայլակները լոյս տուին աշխարհի. Երկիր սասանեցաւ ու դողաց: 19Քու ճանապարհդ ծովուն մէջ է, Եւ քու ճամբադ մեծ ջուրերուն մէջ է. Ու քու շաւիղներդ չեն գիտցուիր: 20Հօտի պէս քու ժողովուրդիդ առաջնորդեցիր Մովսէսի ու Ահարոնի ձեռքով: