Սաղմոսներ

78

Աստուած և իր ժողովուրդը

Երգ Ասափայ

1Ով իմ ժողովուրդս, մտիկ ըրէք իմ օրէնքս, Խոնարհեցուցէք ձեր ականջը իմ բերնիս խօսքերուն: 2Առակով պիտի բանամ իմ բերանս, Ու հին ժամանակի խրթնաբանութիւնները պիտի խօսիմ․ 3Զորոնք լսեցինք ու գիտցանք, Եւ մեր հայրերը մեզի պատմեցին: 4Մենք պիտի չպահենք անոնց որդիներէն. Ետքի եկող ազգին պիտի պատմենք Տէրոջը գովութիւնները ու անոր զօրութիւնը Եւ անոր ըրած հրաշքները: 5Վասն զի վկայութիւն հաստատեց Յակոբի մէջ, Ու օրէնք դրաւ Իսրայէլի մէջ, Զորոնք պատուիրեց մեր հայրերուն, Որպէս զի սորվեցնեն իրենց որդիներուն. 6Որպէս զի գալու ազգը, ծնանելու տղաքը. ասոնք իմանան, Ու ելլեն իրենց որդիներուն պատմեն. 7Անոնք ալ իրենց յոյսը Աստուծոյ վրայ դնելով` Չմոռնան Աստուծոյ գործերը, Հապա անոր պատուիրանքները պահեն. 8Ու իրենց հայրերուն պէս Կամաւոր ու ապստամբ ազգ մը չըլլան, Այնպիսի ազգ մը` որ իրենց սիրտը չեն շիտկած, Ու իրենց հոգին հաւատարիմ չէ Աստուծոյ: 9Եփրեմի որդիները, որոնք սպառազինեալ աղեղնաւորներ էին, Պատերազմին օրը ետ դարձան. 10Աստուծոյ ուխտը չպահեցին, Ու անոր օրէնքին համեմատ չուզեցին քալել. 11Ու մոռցան անոր գործերը, Եւ անոր հրաշքները զորոնք իրենց ցուցուցեր էր: 12Անոնց հայրերուն առջև հրաշքներ ըրաւ, Եգիպտոսի երկրին, Տայանիսի դաշտին, մէջ: 13Ծովը պատռեց ու զանոնք անցուց, Եւ ջուրերն ալ դէզի պէս կանգնեցուց: 14Ու ցորեկը ամպով առաջնորդեց անոնց, Եւ բոլոր գիշերը կրակի լուսով: 15Վէմերը պատռեց անապատին մէջ, Ու խմցուց անոնց իբր թէ մեծ անդունդէ մը: 16Եւ առուներ հանեց վէմէն, Ու ջուրերը գետերու պէս բղխեցուց: 17Բայց անոնք նորէն մեղքերնին աւելցուցին անոր դէմ, Ու բարկացուցին Բարձրեալը անապատին մէջ. 18Եւ իրենց սիրտերուն մէջ զԱստուած փորձեցին, Կերակուր ուզելով իրենց անձերուն համար 19Եւ Աստուծոյ դէմ խօսեցան ու ըսին, Միթէ կարո՞ղ է Անապատին մէջ պատրաստել. 20Ահա վէմին զարկաւ, ու ջուրերը դուրս բղխեցին, Ու առուները վազեցին. Արդեօք ալ կրնա՞յ տալ. Արդեօք միս կը պատրաստէ՞ իր ժողովուրդին համար: 21Ուստի Տէրը լսեց ու բարկացաւ. Եւ կրակ բորբոքեցաւ Յակոբի մէջ, Ու նաև բարկութիւն ելաւ Իսրայէլի վրայ 22Վասն զի Աստուծոյ չհաւատացին, Ու յոյսերնին անոր փրկութեանը վրայ չդրին. 23Թէպէտ ինք վերէն հրաման ըրեր էր ամպերուն, Ու երկինքի դռները բացեր էր, 24Եւ կերակուրի համար անոնց վրայ մանանայ տեղացեր էր, Ու երկինքի ցորենը տուեր էր անոնց, 25Մարդիկ հրեշտակներուն հացը կերան*. Կշտանալու չափ պաշար ղրկեց անոնց: 26Երկինքի մէջ արևելեան հովը հանեց, Եւ իր զօրութիւնովը հարաւային հովը բերաւ. 27Եւ անոնց վրայ փոշիի պէս միս տեղաց, Ու ծովու աւազին չափ թևաւոր թռչուններ, 28Եւ անոնց բանակին մէջ, Անոնց վրաններուն չորս կողմը, իջեցուց: 29Ու կերան և աղէկ կշտացան. Ու իրենց ցանկութիւնը իրենց տուաւ. 30Իրենց ցանկութենէն զուրկ չմնացին. Եւ քանի որ իրենց կերակուրը իրենց բերանն էր, 31Աստուծոյ բարկութիւնը անոնց վրայ բորբոքեցաւ, Ու սպանեց անոնց պարարտներէն, Ու գետինը զարկաւ Իսրայէլի ընտիրները: 32Այս բոլոր բաներուն վրայ նորէն մեղանչեցին, Ու չհաւատացին անոր հրաշքներուն: 33Եւ ունայնութեան մէջ սպառեց անոնց օրերը, Եւ ահի մէջ` անոնց տարիները: 34Երբ կը սպաննէր զանոնք, զինք կը խնդրէին. Ու ետ կը դառնային, և զԱստուած կանուխ կը փնտռէին: 35Ու կը յիշէին որ Աստուած իրենց Վէմն էր, Եւ Բարձրեալ Աստուածը իրենց Փրկիչն էր: 36Սակայն իրենց բերնովը կեղծաւորութիւն կ’ընէին անոր, Ու իրենց լեզուովը սուտ կը խօսէին անոր. 37Եւ իրենց սիրտը ուղիղ չէր անոր առջև, Ու հաւատարիմ չէին անոր ուխտին մէջ: 38Բայց ինք ողորմած ըլլալով` անոնց անօրէնութիւնը կը քաւէր, Ու չէր կորսնցներ զանոնք. Եւ շատ անգամ կը դարձնէր իր բարկութիւնը, Ու չէր բորբոքեցներ իր բոլոր սրտմտութիւնը, 39Վասն զի կը յիշէր թէ անոնք մարմին են, Հովի մը պէս` որ կ’երթայ ու ետ չդառնար: 40Քանի¯ անգամ զանիկա սրդողցուցին անապատին մէջ, Ու բարկացուցին զանիկա անջուր տեղին մէջ, 41Եւ դարձան զԱստուած փորձեցին, Ու Իսրայէլի Սուրբը նեղացուցին: 42Չյիշեցին անոր ձեռքը, Ու այն օրը` որ զիրենք թշնամիէն փրկեց. 43Եւ թէ ի°նչպէս իր նշանները ըրաւ Եգիպտոսի մէջ, Ու իր հրաշքները` Տայանիսի դաշտին մէջ. 44Ու արիւն դարձուց անոնց գետերը Եւ անոնց առուները, որ չկրցան խմել. 45Շանաճանճեր ղրկեց անոնց վրայ, որոնք կերան զանոնք, Ու գորտեր` որոնք ապականեցին զանոնք. 46Ու անոնց բերքը գրուիճին տուաւ, Եւ անոնց վաստակը` մարախին. 47Անոնց որթերը փճացուց կարկուտով, Ու անոնց ժանտաթզենիները` խոշոր կարկուտով. 48Եւ անոնց անասունները կարկուտին մատնեց, Ու անոնց հօտերը` կայծակին: 49Իր սաստիկ բարկութիւնը ղրկեց անոնց վրայ, Սրտմտութիւն ու բարկութիւն ու նեղութիւն, Չար հրեշտակները ղրկելով: 50Իր բարկութեանը ճամբայ բացաւ Անոնց անձը մահուանէ չխնայէց, Հապա անոնց կեանքը ժանտախտի մատնեց 51Ու ամէն անդրանիկը սպաննեց Եգիպտոսի մէջ, Եւ առջինեկները` Քամի վրաններուն մէջ. 52Ու իր ժողովուրդը ոչխարներու պէս հանեց, Ու զանոնք հօտի պէս վարեց անապատին մէջ. 53Եւ անոնց ապահովութեամբ առաջնորդեց, ու չվախցան. Իսկ անոնց թշնամիները ծովը ծածկեց. 54Ու զանոնք տարաւ իր սրբութեան սահմանը, Այն լեռը` զոր իր աջ ձեռքը ստացեր էր. 55Ու անոնց առջևէն ազգեր վռնտեց, Եւ չափով ժառանգութիւն բաժնեց անոնց, Ու Իսրայէլի ցեղերը անոնց վրաններուն մէջ բնակեցուց: 56Բայց անոնք փորձեցին ու սրդողցուցին Բարձրեալ Աստուածը Ու չպահեցին անոր վկայութիւնները. 57Եւ իրենց հայրերուն պէս ետ դարձան ու նենգութիւն ըրին. Խաբեբայ աղեղի պէս խոտորեցան: 58Վասն զի զանիկա սրդողցուցին իրենց բարձր տեղերովը, Ու նախանձի շարժեցին զանիկա իրենց կուռքերովը: 59Աստուած լսեց ու բարկացաւ, Եւ շատ անարգեց Իսրայէլը. 60Ու Սելովի խորանը մերժեց, Այն վրանը` զոր մարդոց մէջ կանգներ էր. 61Եւ իր զօրութիւնը գերութեան մատնեց, Ու իր փառքը` թշնամիներուն ձեռքը. 62Եւ իր ժողովուրդը սուրի մատնեց, Ու իր ժառանգութեանը վրայ բարկացաւ: 63Անոր երիտասարդները կրակը կերաւ. Ու անոր աղջիկները սուգ չըրին*: 64Անոր քահանաները սրով ինկան, Ու անոր որբևարիները չլացին: 65Բայց Տէրը արթնցաւ որպէս թէ քունէ` Գինիէ սթափած զօրաւոր մարդու մը պէս: 66Ու իր թշնամիները ետևնուն զարկաւ. Յաւիտենական նախատինք տուաւ անոնց: 67Եւ Յովսէփի վրանը մերժեց, Ու Եփրեմի ցեղը չընտրեց. 68Հապա Յուդայի ցեղը ընտրեց, Ու լեռը` զոր սիրեց. 69Եւ իր սրբարանը շինեց բարձր բլուրներու պէս, Երկրի պէս զոր յաւիտեան հաստատեց: 70Ու իր ծառան ընտրեց, Եւ զանիկա ոչխարի փարախներէն առաւ. 71Ծիծ տուող ոչխարներուն ետևէն բերաւ զանիկա, Որպէս զի իր Յակոբ ժողովուրդը Ու իր ժառանգութիւնը հովուէ: 72Անիկա ալ հովուեց զանոնք իր սրտին անմեղութիւնովը, Ու իր ձեռքերուն յաջողակութիւնովը առաջնորդեց անոնց:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981