Սաղմոսներ
79
Աղօթք մը ազգին ազատութեան համար
Սաղմոս Ասափայ
1Ով Աստուած, հեթանոսները քու ժառանգութեանդ մէջ մտան, Քու սուրբ տաճարդ պղծեցին, Երուսաղէմը աւերակներու դարձուցին: 2Քու ծառաներուդ դիերը Երկինքի թռչուններուն կերակուր տուին. Քու սուրբերուդ մարմինը` երկրի գազաններուն: 3Անոնց արիւնը ջուրի պէս թափեցին Երուսաղէմի բոլորտիքը, Ու մէկը չկար որ զանոնք թաղէր: 4Մեր դրացիներուն նախատինք եղանք, Ծաղր ու կատակ` մեր բոլորտիքը եղողներուն: 5Մինչև ե՞րբ, ով Տէր. միշտ պիտի բարկանա՞ս. Քու նախանձդ կրակի պէս պիտի բորբոքի՞: 6Թափէ քու բարկութիւնդ այն ազգերուն վրայ` Որոնք քեզ չեն ճանչնար, Ու այն թագաւորութիւններուն վրայ` Որոնք քու անունդ չեն կանչեր: 7Վասն զի Յակոբը կերան, Ու անոր բնակութիւնը աւերակ դարձուցին: 8Մի յիշեր մեզի դէմ առաջուան անօրէնութիւնները. Թող շուտով հասնին մեզի քու ողորմութիւններդ, Վասն զի խիստ թշուառացանք: 9Քու անուանդ փառքին համար Օգնէ մեզի, ով մեր փրկութեան Աստուածը. Եւ քու անուանդ համար փրկէ մեզ, Ու մեր մեղքերը քաւէ: 10Ինչո՞ւ ըսեն հեթանոսները թէ Ո՞ւր է անոնց Աստուածը. Թող յայտնուի հեթանոսներուն մէջ մեր աչքերուն առջև Քու ծառաներուդ թափուած արիւնին վրէժը: 11Կապուածին հառաչանքը քու առջևդ թող ելլէ. Քու զօրութեանդ մեծութիւնովը` Մահուան մատնուածները ապրեցուր. 12Ու եօթնպատիկ հատուցում ըրէ մեր դրացիներուն իրենց ծոցին մէջ Այն իրենց նախատինքին փոխարէն, որով քեզ անարգեցին, ով Տէր: 13Բայց մենք, քու ժողովուրդդ ու քու արօտիդ ոչխարները, Յաւիտեան քեզ պիտի գովենք, Ու քու փառքդ պիտի պատմենք ազգէ մինչև ազգ։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981