Սաղմոսներ
8
Աստուծոյ փառքը և մարդուն արժանիքը
Գլխաւոր երաժշտին, Կիթթիթի վրայ. Սաղմոս Դաւթի
1Ով Տէր, մեր Տէրը, Ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ, Որ քու փառքդ երկինքներէն վեր դրիր։ 2Մանկանց ու կաթնկեր տղայոց բերնէն Գովութիւն կատարեցիր՝ քու թշնամիներուդ համար, Որպէս զի թշնամին ու վրէժխնդիրը լռեցնես։ 3Երբ տեսնեմ երկինքդ, քու մատերուդ գործը, Լուսինը ու աստղերը, զորոնք դուն հաստատեցիր, 4Մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես, Կամ մարդու որդին, որ անոր այցելութիւն կ’ընես։ 5Քիչ մը վար ըրիր զանիկա հրեշտակներէն, Փառքով ու պատուով պսակեցիր զանիկա, 6Քու ձեռքերուդ գործերուն վրայ իշխան դրիր զանիկա․ Ամէն բան անոր ոտքին տակ դրիր․ 7Բոլոր ոչխարները ու արջառները, Նաև վայրենի անասունները, 8Երկինքի թռչունները ու ծովուն ձուկերը, Եւ ինչ որ ծովու ճամբաներուն մէջ կը պտըտի։ 9Ով Տէր, մեր Տէրը, Ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ։