Սաղմոսներ
80
Աղօթք մը ազգին վերանորոգման համար
Գլխաւոր երաժշտին, Շօշանիմ էտութի վրայ. Ասափի Սաղմոսը։
1Ականջ դիր, ով Իսրայէլի Հովիւը, Որ Յովսէփի` հօտի պէս կ’առաջնորդես. Դուն որ քերովբէից վրայ կը նստիս, պայծառացիր: 2Եփրեմի ու Բենիամինի և Մանասէի առջև Արթնցուր քու զօրութիւնդ, Ու եկուր մեզի փրկելու: 3Ով Աստուած, մեզ դարձուր, Եւ քու երեսդ փայլեցուր, ու պիտի փրկուինք: 4Ով Տէր, զօրաց Աստուած, Մինչև ե՞րբ կը բարկանաս քու ժողովուրդիդ աղօթքին դէմ․ 5Արտասուքի հաց կը կերցնես անոնց, Ու մեծ չափով արտասուք կը խմցնես անոնց: 6Մեզ կռիւի պատճառ կ’ընես մեր դրացիներուն, Ու մեր թշնամիները մեզ ծաղր կ’ընեն իրենց մէջ: 7Ով զօրաց Աստուած, մեզ դարձուր, Եւ քու երեսդ փայլեցուր, ու պիտի փրկուինք: 8Եգիպտոսէ որթ մը փոխադրեցիր, Հեթանոսները վռնտեցիր ու զանիկա տնկեցիր: 9Անոր առջևէն տեղ պատրաստեցիր, Ու անոր արմատները հաստատեցիր. Եւ անիկա երկիրը լեցուց: 10Լեռները ծածկուեցան անոր հովանիովը, Ու անոր ճիւղերը Աստուծոյ եղևիններուն պէս եղան: 11Իր ճիւղերը երկնցուց մինչև ծովը, Ու իր բողբոջները` մինչև Գետը: 12Ինչո՞ւ փլցուցիր անոր ցանկերը, Որ ճամբայէն բոլոր անցնողները զանիկա փրցնեն: 13Անտառին խոզը ապականեց զանիկա, Ու դաշտի գազանները կերան զանիկա: 14Ով զօրաց Աստուած, կ’աղաչեմ, դարձիր. Նայէ երկինքէն ու տես, Ու այցելու եղիր այս որթին, 15Եւ այս տունկին` զոր քու աջ ձեռքովդ տնկեցիր, Ու որդիին` զոր քեզի համար հաստատեցիր: 16Կրակով այրուած ու կտրուած է. Քու երեսիդ սաստելէն կը կորնչին: 17Թող քու ձեռքդ քու աջ ձեռքիդ մարդուն վրայ ըլլայ, Ու մարդու որդիին վրայ զոր քեզի համար հաստատեցիր: 18Մենք ալ ետ պիտի չդառնանք քեզմէ. Կենդանացուր մեզ, ու քու անունդ պիտի կանչենք: 19Ով Տէր, զօրաց Աստուած, մեզ դարձուր, Եւ քու երեսդ փայլեցուր, ու պիտի փրկուինք: