Սաղմոսներ

81

Գլխաւոր երաժշտին, Կիթթիթի վրայ

Ասափի Սաղմոսը

1Ցնծացէք Աստուծոյ առջև, որ մեր զօրութիւնն է, Ուրախութեամբ աղաղակեցէք Յակոբի Աստուծոյն: 2Սաղմոս առէք ու թմբուկը բերէք, Նաև անոյշ քնարը` տաւիղին հետ: 3Փող հնչեցուցէք ամսու գլխուն, Նաև լուսնի լրման ատենը* մեր տօնին օրը. 4Վասն զի ասիկա Իսրայէլի մըն է, Յակոբի Աստուծոյն հրամանն է: 5Ինք վկայութիւն դրաւ ասիկա Յովսէփի մէջ, Եգիպտոսի երկրին վրայ ելած ատենը. Ուր լեզու մը լսեցի զոր չէի գիտեր: 6Անոր թիկունքը հեռացուցի բեռէն. Անոր ձեռքերը հանգչեցան կողովէն: 7Նեղութեան մէջ կանչեցիր, ու քեզ փրկեցի. Պատասխան տուի քեզի որոտման ծածկոցին մէջէն. Փորձեցի քեզ Մերիպայի ջուրին քով: 8Լսէ, ով իմ ժողովուրդս, ու վկայեմ քեզի. Ով , եթէ ինծի մտիկ ընես, 9Օտար չըլլայ քու մէջդ, Ու օտար աստուծոյ երկրպագութիւն չընես: 10Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, Որ հանեցի քեզ Եգիպտոսի երկրէն. Լայն բաց քու բերանդ, Ու զանիկա ես պիտի լեցնեմ: 11Բայց իմ ժողովուրդս մտիկ չըրաւ իմ ձայնս, Ու Իսրայէլ զիս չուզեց: 12Ուստի զանոնք իրենց սրտին կամակորութեանը թողուցի, Որպէս զի իրենց խորհուրդներուն համեմատ քալեն: 13Երանի թէ իմ ժողովուրդս ինծի մտիկ ընէր, Ու Իսրայէլ իմ ճամբաներուս մէջ քալէր. 14Շուտով պիտի խոնարհեցնէի անոնց թշնամիները, Ու ձեռքս պիտի դարձնէի անոնց նեղիչներուն վրայ: 15Տէրը ատողները խոնարհութիւն պիտի ընէին* իրեն, Ու անոնց ժամանակը յաւիտեան պիտի ըլլար: 16Ան պիտի կերակրէր զանոնք պարարտ ցորենով. Ու վէմէն վազած մեղրով քեզ պիտի կշտացնէի:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981