Սաղմոսներ

82

Սաղմոս Ասափայ

1 կայնած է Աստուծոյ ժողովքին մէջ, Աստուածներուն մէջ կը տեսնէ: 2Մինչև ե՞րբ անիրաւութեամբ պիտի դատէք, Ու ամբարիշտներուն աչառութիւն պիտի ընէք: (Սէլա:) 3Դատաստան ըրէք աղքատին ու որբին. Խեղճին ու չքաւորին ըրէք: 4Փրկեցէք աղքատը ու տնանկը, Ամբարիշտներուն ձեռքէն ազատեցէք զանոնք: 5Չեն իմանար ու միտք չեն առներ, Խաւարի մէջ կը պտըտին. Երկրի բոլոր սիւները շարժեցան: 6Ես ըսի թէ Դուք աստուածներ էք, Ու դուք ամէնդ Բարձրելոյն որդիներն էք. 7Բայց մարդոց պէս պիտի մեռնիք, Ու իշխաններէն մէկուն պէս պիտի իյնաք: 8Ելիր, ով Աստուած, դատէ երկիրը, Վասն զի բոլոր ազգերը դուն պիտի ժառանգես:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)