Սաղմոսներ

85

Աղօքթ մը ազգին բարօրության համար

Գլխաւոր երաժշտին. Կորխի որդիներուն Սաղմոսը։

1Ով Տէր, դուն հաւնեցար քու երկրիդ, Յակոբի գերութիւնը դարձուցիր. 2Քու ժողովուրդիդ անօրէնութիւնը ներեցիր, Անոնց բոլոր մեղքերը ծածկեցիր: (Սէլա:) 3Հեռացուցիր քու բոլոր սրտմտութիւնդ, Ետ դարձար քու սաստիկ բարկութենէդ: 4Մեզ դարձուր*, ով մեր փրկութեան Աստուածը, Եւ քու բարկութիւնդ որ մեր վրայ է` դադրեցուր: 5Միթէ յաւիտեան պիտի բարկանա՞ս մեզի. Քու բարկութիւնդ ազգէ մինչև ազգ պիտի երկնցնե՞ս: 6Միթէ ետ պիտի չդառնա՞ս ու մեզ կենդանացնես, Որպէս զի քու ժողովուրդդ քեզմով ուրախ ըլլայ: 7Ցուցուր մեզի, ով Տէր, քու ողորմութիւնդ, Եւ քու փրկութիւնդ մեզի տուր: 8Պիտի լսեմ ինչ որ կը խօսի Տէր . Վասն զի խաղաղութիւն պիտի խօսի իր ժողովուրդին ու իր սուրբերուն. Ու յիմարութեան չդառնան անոնք: 9Արդարև իր փրկութիւնը մօտ է իրմէ վախցողներուն, Որպէս զի մեր երկրին մէջ բնակի: 10Ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը իրարու պատահեցան, Արդարութիւնը ու խաղաղութիւնը իրար համբուրեցին: 11Ճշմարտութիւնը երկրէ պիտի բուսնի, Ու արդարութիւնը երկինքէ վար պիտի նայի: 12Նաև Տէրը բարութիւն պիտի տայ, Ու մեր երկիրը իր պտուղը պիտի տայ: 13Արդարութիւնը անոր առջևէն պիտի երթայ, Ու իր գնացքները ճամբու պիտի դնէ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)