Սաղմոսներ

87

Երուսաղէմը փառքի մէջ

Կորխի որդիներուն Սաղմոսը ու երգը

1Անոր հիմերը սուրբ լեռներուն վրայ են: 2Տէրը Սիօնի դռները Յակոբի բոլոր բնակարաններէն աւելի կը սիրէ: 3Փառաւոր բաներ կը պատմուին քեզի համար, Ով Աստուծոյ քաղաքը: (Սէլա:) 4Ռահաբը ու Բաբելոնը պիտի յիշեմ զիս ճանչցողներուն մէջ*. Ահա Փղշտացւոց երկիրը ու Տիւրոս Քուշի հետ. Ասոնք ալ հոն ծնան: 5Ու Սիօնի համար պիտի ըսուի թէ Այս մարդը ու այն մարդը հոն ծնաւ. Եւ Բարձրեալը ինք պիտի հաստատէ զանիկա: 6Տէրը ազգերը գրած ժամանակը պիտի ըսէ Թէ Ասիկա հոն ծնաւ: (Սէլա:) 7Ու երգեցողները, նոյնպէս ալ սրնգահարները պիտի ըսեն, Իմ բոլոր աղբիւրներս քեզմէ են:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)