Սաղմոսներ
88
Օրհնութեան աղերս մը
Կորխի որդիներուն երգը ու Սաղմոսը. Գլխաւոր երաժշտին, Մահալաթ-լէանօթի վրայ. Եման Եզրահացիի երգը:
1Ով Տէր, իմ փրկութեանս Աստուածը, Ցորեկը կ’աղաղակեմ ու գիշերը քու առջևդ եմ: 2Իմ աղօթքս քու առջևդ թող ելլէ. Խոնարհեցուր քու ականջդ իմ աղաղակիս: 3Վասն զի իմ անձս չարիքներով լեցուեցաւ, Ու իմ կեանքս գերեզմանին մօտեցաւ: 4Գուբը իջնողներուն հետ սեպուեցայ. Ոյժ չունեցող մարդու մը պէս եղայ: 5Մեռելներուն մէջ ինկած եմ Գերեզմանի մէջ պառկող մեռցուածներուն պէս, Զորոնք ա°լ չես յիշեր, Ու քու ձեռքէդ մերժուած են: 6Դուն զիս ամէնէն խորունկ գուբին մէջ դրիր, Խաւարային անդունդներուն մէջ: 7Քու սրտմտութիւնդ ծանրացաւ իմ վրաս, Եւ քու բոլոր ալիքներովդ զիս չարչարեցիր: (Սէլա:) 8Իմ ճանչուորներս ինծմէ հեռացուցիր, Զիս գարշելի ըրիր անոնց առջև. Գոցուեցայ ու դուրս չեմ ելլեր: 9Տառապանքէն աչքերս վատեցան. Ամէն օր քեզի աղաղակեցի, ով Տէր, Ձեռքերս քեզի երկնցուցի: 10Միթէ մեռելներո՞ւն հրաշք պիտի ընես. Միթէ մեռածնե՞րը պիտի ելլեն ու քեզ գովեն: (Սէլա:) 11Միթէ կը պատմուի՞ քու ողորմութիւնդ գերեզմանին մէջ, Ու քու ճշմարտութիւնդ` կորստեան մէջ: 12Միթէ կը ճանչցուի՞ն քու հրաշքներդ խաւարին մէջ, Ու քու արդարութիւնդ` մոռացման երկրին մէջ: 13Բայց ես, ով Տէր, քեզի աղաղակեցի, Ու իմ աղօթքս առատուանց քու առջևդ պիտի ելլէ: 14Ով Տէր, ինչո՞ւ իմ անձս կը մերժես, Ու քու երեսդ կը ծածկես ինծմէ: 15Ես խեղճ եմ ու մանկութենէս ի վեր մեռնելու վրայ եմ. Քու ահերդ քաշեցի ու խռովեցայ: 16Քու սրտմտութիւնդ իմ վրաս իջաւ, Եւ քու զարհուրանքներդ զիս կորսընցուցին: 17Ամէն օր ջուրի պէս զիս պատեցին, Մէկտեղ չորս կողմս առին: 18Հեռացուցիր ինծմէ սիրելին ու բարեկամը, Իմ ճանչուորներս խաւարի մէջ են:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981