Սաղմոսներ

9

Շնորհակալութիւն Աստուծոյ արդարութեան համար

Գլխաւոր երաժշտին, Մութլապպէնի վրայ. Սաղմոս Դաւթի։

1Գոհութիւն պիտի մատուցանեմ Տէրոջը իմ բոլոր սրտովս․ Քու ամէն սքանչելիքներդ պիտի պատմեմ։ 2Քեզմով ուրախ պիտի ըլլամ ու ցնծամ․ Քու անուանդ սաղմոս պիտի երգեմ, ով Բարձրեալ։ 3Թշնամիներս ետ դառնալու ատեննին Քու երեսէդ պիտի իյնան ու կորսուին․ 4Վասն զի դատաստանս և իրաւունքս դուն տեսար․ Աթոռին վրայ նստար իբրև արդարութեան դատաւոր։ 5Հեթանոսները յանդիմանեցիր, Ամբարիշտը կորսնցուցիր, Անոնց անունները ջնջեցիր յաւիտեանս յաւիտենից։ 6Թշնամիին աւերմունքները բոլորովին վերջացան․ Քաղաքները աւրեցիր․ Անոնց յիշատակը իրենց հետ կորսուեցաւ։ 7Բայց Տէրը յաւիտեան կը մնայ․ Անիկա իր աթոռը պատրաստեց դատաստանի համար։ 8Ինք պիտի դատէ աշխարհը արդարութիւնով, Ժողովուրդներուն պիտի ընէ ուղղութիւնով։ 9Տնանկին ալ ապաւէն պիտի ըլլայ Տէրը, Ապաւէն՝ նեղութեան ժամանակները։ 10Եւ անոնք որ քու անունդ գիտեն՝ քեզի պիտի յուսան․ Վասն զի քեզ փնտռողները, ով Տէր, երեսէ չձգեցիր։ 11Սաղմոս երգեցէք Տէրոջը որ կը բնակի, Ժողովուրդներուն մէջ պատմեցէք անոր ըրածները։ 12Վասն զի արեան վրեժխնդիրը յիշեց զանոնք, Չմոռցաւ նեղեալներուն աղաղակը։ 13Ով Տէր, ողորմէ ինծի, Տես իմ թշնամիներէս կրած նեղութիւնս, Դուն որ զիս մահուան դռներէն կը վերցնես․ 14Որպէս զի քու ամէն գովութիւններդ պատմեմ Սիօնի աղջկան դռներուն մէջ․ Պիտի ցնծամ քու փրկութիւնովդ։ 15Հեթանոսները իրենց շինած փոսին մէջ ընկղմեցան․ Իրենց գաղտուկ լարած որոգայթին մէջ իրենց ոտքը բռնուեցաւ։ 16Տէրը ճանչցուած է, վասն զի դատաստան ըրաւ․ Ամբարիշտը իր ձեռքին գործերովը որոգայթը կ’իյնայ։ (Հիկկայօն. Սէլա։) 17Ամբարիշտները դժոխքը պիտի դառնան, Եւ ամէն ազգերը՝ որոնք զԱստուած կը մոռնան։ 18Քանզի աղքատը պիտի չմոռցուի մինչև վերջը․ Տնանկներուն յոյսը յաւիտեան պիտի չկորսուի։ 19Ելիր, ով Տէր, մարդը չզօրանայ․ Թող հեթանոսները դատուին քու առջևդ․ 20Ով Տէր,զանոնք վախցուր*․ Թող հեթանոսները ճանչնան թէ իրենք մարդ են։ (Սէլա։)

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981