Սաղմոսներ
90
Չորս գիրք Աստուծոյ և մարդուն
Աստուծոյ մարդուն Մովսէսի աղօթքը
1Ով Տէր, դուն մեզի ապաւէն եղար ազգէ մինչև ազգ: 2Լեռներուն ծնանելէն առաջ Ու երկրի և աշխարհի ստեղծուելէն առաջ` Յաւիտենից մինչև յաւիտեանս դուն ես Աստուած: 3Դուն մարդը փոշի կը դարձնես, Ու կ’ըսես, Ետ դարձէք, մարդոց որդիներ: 4Վասն զի հազար տարին քու առջևդ երէկուան օրին պէս է որ անցաւ, Կամ գիշերուան պահու մը պէս: 5Կ’ընկղմես զանոնք, երազի պէս կ’ըլլան. Առտուանց կանանչացած խոտի պէս կ’ըլլան. 6Առտուանց կը ծաղկի ու կը կանանչանայ, Իրիկունը կը կտրուի ու կը չորնայ: 7Վասն զի քու բարկութենէդ կը մաշինք, Եւ քու սրտմտութենէդ կը խռովինք: 8Մեր անօրէնութիւնները քու առջևդ, Ու մեր ծածուկ մեղքերը քու երեսիդ լուսին մէջ դրիր: 9Վասն զի մեր բոլոր օրերը քու բարկութիւնովդ կ’անցնին. Մեր տարիները ցնորքի մը պէս կ’անցնենք: 10Մեր տարիներուն օրերը եօթանասուն տարի են. Ու եթէ զօրութիւնով ութսուն տարի ըլլան, Տակաւին անոնց փառքը աշխատանք ու ցաւ է. Վասն զի անոնք շուտով կ’անցնին, ու մենք կը թռչինք: 11Ո՞վ գիտէ քու բարկութեանդ զօրութիւնը, Եւ քու սրտմտութիւնդ քու վախիդ համեմատ: 12Այնպէս սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել, Որ սրտի իմաստութիւն ստանանք: 13Դարձիր, ով Տէր, մինչև ե՞րբ. Ու գթութիւն ըրէ քու ծառաներուդ: 14Կշտացուր մեզ կանուխ քու ողորմութիւնովդ, Որպէս զի ցնծանք և ուրախ ըլլանք մեր բոլոր օրերուն մէջ: 15Ուրախացուր մեզ այն օրերուն չափովը որ տրտմեցուցիր. Այն տարիներուն չափովը որ չարիք տեսանք: 16Թող երևնայ քու գործդ քու ծառաներուդ, Եւ քու փառքդ անոնց որդիներուն: 17Ու մեր Տէր Աստուծոյն վայելչութիւնը մեր վրայ ըլլայ. Եւ ձեռքերնուս գործը հաստատէ մեր վրայ. Մեր ձեռքերուն գործը հաստատէ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981