Սաղմոսներ
92
Փառաբանութեան երգ մը
Շաբաթ օրուան համար Սաղմոս ու երգ
1Բարի է գոհանալ Տէրոջմէն, Ու սաղմոս ըսել քու անուանդ, ով Բարձրեալ. 2Առտուանց քու ողորմութիւնդ, Ու գիշերները քու հաւատարմութիւնդ պատմել` 3Տասը լար ունեցող նուագարանով ու տաւիղով Եւ քնարի ձայնով: 4Վասն զի դուն, ով Տէր, քու գործովդ զիս ուրախացուցիր. Քու ձեռքերուդ գործերովը պիտի ցնծամ: 5Ով Տէր, ի՜նչ մեծ են քու գործերդ. Շատ խորունկ են քու խորհուրդներդ: 6Անմիտ մարդը ասիկա չիմանար, Ու յիմարը չհասկնար․ 7Ամբարիշտներուն խոտի պէս բուսնիլը Ու բոլոր անօրէնութիւն գործողներուն ծաղկիլը Իրենց յաւիտենական կորուստին կը տանի: 8Բայց դուն, ով Տէր, յաւիտեան բարձր ես: 9Վասն զի ահա քու թշնամիներդ, ով Տէր, Վասն զի ահա քու թշնամիներդ պիտի կորսուին. Բոլոր անօրէնութիւն գործողները պիտի ցրուին: 10Բայց իմ եղջիւրս միեղջերուինին պէս պիտի բարձրացնես. Ես նոր իւղով օծուեցայ. 11Եւ իմ աչքերս թշնամիներուս կորուստը պիտի տեսնեն. Իմ ականջներս ինծի դէմ ելլող չարագործներուն կրած պատիժը պիտի լսեն: 12Արդարը արմաւենիի պէս պիտի ծաղկի, Լիբանանի եղևինի պէս պիտի մեծնայ: 13Տէրոջը տանը մէջ տնկուածները Մեր Աստուծոյն սրահներուն մէջ պիտի ծաղկին. 14Ծերութեան ատեն ալ պտուղ պիտի տան, Պարարտ ու կանանչ պիտի մնան, 15Որպէս զի պատմեն թէ Տէրը ուղիղ է. Անիկա իմ Վէմս է, ու անիրաւութիւն չկայ անոր քով: