Սաղմոսներ
93
Աստուած թագաւորը
1Տէրը կը թագաւորէ, մեծափառութիւն հագած է. Տէրը զօրութիւն հագած ու գօտեւորած է. Աշխարհ ալ հաստատուած է որպէս զի չսասանի: 2Քու աթոռդ հին ժամանակէն հաստատ է. Ի յաւիտենից ես դուն: 3Ով Տէր, գետերը բարձրացուցին, Գետերը բարձրացուցին իրենց ձայնը. Գետերը կը բարձրացնեն իրենց շառաչիւնը: 4Շատ ջուրերուն ձայնէն ու ծովուն զօրաւոր ալիքներէն Աւելի զօրաւոր է Տէրը բարձրութեան մէջ: 5Քու վկայութիւններդ շատ հաւատարիմ են. Ով Տէր, սրբութիւնը քու տանդ կը վայլէ յաւիտեան:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981