Սաղմոսներ
94
Աստուած բոլորին դատաւոր
1Ով Տէր, վրէժխնդրութեանց Աստուած, Ով վրէժխնդրութեանց Աստուած, յայտնուէ: 2Ելիր, ով երկրի Դատաւորը, Ամբարտաւաններուն հատուցում ըրէ, 3Ով Տէր, մինչև ե՞րբ ամբարիշտները, Մինչև ե՞րբ ամբարիշտները պարծենան. 4Գոռոզութեամբ բարբառելով խօսին, Ու բոլոր անօրէնութիւն գործողները պարծենան: 5Ով Տէր, անոնք քու ժողովուրդդ կը հարըստահարեն, Ու քու ժառանգութիւնդ կը չարչարեն. 6Որբևարին ու պանդուխտը կը սպաննեն, Եւ որբերը կը մեռցնեն. 7Ու կ’ըսեն, Տէրը չտեսներ, Եւ Յակոբի Աստուածը չիմանար, 8Իմացէք, ով ժողովուրդին անմիտները, Ու դուք, ով յիմարներ, ե՞րբ միտք պիտի առնէք: 9Միթէ ականջը տնկողը չը՞լսեր, Կամ թէ աչքը ստեղծողը չը՞տեսներ: 10Միթէ ազգերը խրատողը չը՞յանդիմաներ. Միթէ մարդու գիտութիւն սորվեցնողը չը՞գիտեր: 11Տէրը մարդոց խորհուրդները գիտէ Որ ունայնութիւն են: 12Երանի՜ այն մարդուն զոր դուն կը խրատես, ով Տէր, Եւ քու օրէնքէդ անոր կը սորվեցնես, 13Որպէս զի չարութեան օրերուն մէջ զանիկա հանգչեցնես, Մինչև որ ամբարշտին համար հոր փորուի: 14Վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը երեսէ պիտի չձգէ, Ու իր ժառանգութիւնը պիտի չմերժէ. 15Հապա դատաստանը իրաւունքի պիտի դառնայ, Ու ամէն սրտով ուղիղները անոր ետեւէն պիտի երթան: 16Ո՞վ ինծի համար չարերուն դէմ պիտի ելլէ, Ո՞վ ինծի համար անօրէնութիւն գործողներուն դէմ պիտի կայնի: 17Եթէ Տէրը ինծի օգնական չըլլար, Քիչ պիտի մնար որ իմ անձս լռութեան տեղը բնակէր: 18Երբ կ’ըսէի թէ Իմ ոտքս կը սասանի, Ով Տէր, քու ողորմութիւնդ զիս կը հաստատէր: 19Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը` Քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին: 20Միթէ քեզի հետ հաղորդակցութիւն ունի՞ անօրէնութեան աթոռը, Որ օրէնքին դէմ* չարիք կը պատրաստէ: 21Արդարին անձին դէմ կը ժողվուին, Ու անմեղ արիւնը կը դատապարտեն: 22Բայց Տէրը իմ ամրութիւնս է, Ու իմ Աստուածս` իմ ապաւինութեանս վէմը. 23Եւ անոնց անօրէնութիւնը իրենց վրայ պիտի դարձնէ, Ու զանոնք իրենց չարութիւնովը պիտի ջնջէ. Մեր Տէր Աստուածը պիտի ջնջէ զանոնք:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981