Սաղմոսներ
96
Աստուած՝ գերագոյն Թագաւորը
1Նոր երգ երգեցէք Տէրոջը. Ով բոլոր երկիր, երգեցէք Տէրոջը: 2Երգեցէք Տէրոջը, օրհնեցէք անոր անունը. Օրէ օր անոր փրկութիւնը քարոզեցէք: 3Անոր փառքը ազգերուն մէջ պատմեցէք, Ու անոր հրաշքները` բոլոր ժողովուրդներուն մէջ. 4Քանզի Տէրը մեծ է ու խիստ գովելի. Անիկա բոլոր աստուածներուն վրայ ահաւոր է: 5Վասն զի ազգերուն բոլոր աստուածները կուռքեր են. Բայց Եհովա երկինքը ստեղծեց: 6Փառք ու վայելչութիւն կայ անոր առջև, Զօրութիւն ու գեղեցկութիւն` անոր սըրբարանին մէջ: 7Տէրոջը տուէք, ով ժողովրդոց տոհմերը, Տէրոջը տուէք փառք ու զօրութիւն: 8Տէրոջը տուէք իր անուանը փառքը. Ընծայ առէք ու անոր սրահներուն մէջ մտէք. 9Սուրբ հանդէսով* Տէրոջը երկրպագութիւն ըրէք. Վախցէք անոր երեսէն, ով բոլոր երկիր: 10Հեթանոսներուն մէջ ըսէք թէ Տէրը կը թագաւորէ. Աշխարհ ալ հաստատուած է որպէս զի չսասանի. Անիկա պիտի դատէ ժողովուրդները ուղղութիւնով: 11Երկինք թող ուրախանայ ու երկիր ցնծայ. Ծովը իր լիութիւնովը թող գոռայ. 12Դաշտը ու բոլոր անոր մէջ եղողները թող ուրախանան. Այն ատեն անտառին բոլոր ծառերը թող ցնծան 13Տէրոջը առջև, վասն զի կու գայ, Վասն զի կու գայ երկիրը դատելու. Պիտի դատէ աշխարհը արդարութիւնով, Ու ժողովուրդները` իր ճշմարտութիւնովը:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981