Սաղմոսներ
98
Աստուած՝ Աշխարհի Իշխանը
1Նոր երգ երգեցէք Տէրոջը, Վասն զի հրաշքներ ըրաւ. Իր աջ ձեռքը ու իր սուրբ բազուկը Իրեն փրկութիւն տուաւ: 2Տէրը ցուցուց իր փրկութիւնը, Ազգերուն առջև յայտնեց իր արդարութիւնը: 3Յիշեց իր ողորմութիւնը ու իր հաւատարմութիւնը Իսրայէլի տանը համար. Երկրի ամէն ծայրերը Մեր Աստուծոյն փրկութիւնը տեսան: 4Ցնծացէք Տէրոջը առջև, ով բոլոր երկիր. Որախութեան ձայնով աղաղակեցէք ու սաղմոս ըսէք: 5Սաղմոս երգեցէք Տէրոջը քնարով, Քնարով ու սաղմոսի ձայնով. 6Փողերով ու շեփորի ձայնով Աղաղակեցէք Տէր Թագաւորին առջև: 7Թող գոռայ ծովը ու անոր լիութիւնը, Աշխարհ ու անոր բնակիչները: 8Գետերը թող ծափ զարնեն, Ու լեռները մէկտեղ թող ցնծան 9Տէրոջը առջև, վասն զի կու գայ երկիրը դատելու. Անիկա պիտի դատէ աշխարհը արդարութիւնով, Ու ժողովուրդները` ուղղութիւնով: