Սաղմոսներ

99

Աստուած՝ Գերագոյն Թագաւորը

1Տէրը կը թագաւորէ, ժողովուրդները թող սարսափին. Ինք քերովբէներուն վրայ կը նստի, թող շարժի: 2Տէրը մեծ է Սիօնի մէջ, Ու բարձրացած է բոլոր ժողովուրդներուն վրայ: 3Թող գովեն քու մեծ ու ահաւոր անունդ Անիկա սուրբ է: 4Եւ թագաւորին զօրութիւնը կը սիրէ*. Ուղղութիւն հաստատեցիր, Իրաւունք ու արդարութիւն ըրիր Յակոբի մէջ: 5Բարձրացուցէք Տէրը, մեր Աստուածը, Ու երկրպագութիւն ըրէք անոր ոտքերուն պատուանդանին. Անիկա սուրբ է: 6 ու անոր քահանաներուն մէջ, Եւ անոր անունը կանչողներուն մէջ Տէրոջը կ’աղաղակէին, Ու անիկա պատասխան կու տար անոնց. 7Ամպի սիւնին մէջէն կը խօսէր անոնց հետ. Անոնք կը պահէին անոնց վկայութիւնները, Ու այն հրամանը զոր իրենց տուաւ: 8Ով Տէր, մեր Աստուածը, դուն կը լսէիր անոնց. Դուն անոնց ներող էիր, Թէպէտ վրէժխնդիր եղար անոնց գործերուն: 9Բարձրացուցէք Տէրը, մեր Աստուածը, Ու երկրպագութիւն ըրէք անոր սուրբ լեռանը վրայ. Վասն զի Տէրը, մեր Աստուածը, սուրբ է:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)