Հայտնութիւն

9

1Եւ հինգերորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց, ու տեսայ որ երկինքէն աստղ մը ինկաւ երկրի վրայ. և անդունդի գուբին բանալին անոր տրուեցաւ. 2Ու անդունդին գուբը բացաւ, ու այն գուբէն ծուխ կ’ելլէր մեծ հնոցի մը ծուխին պէս. ու խաւարեցաւ արևը ու օդը գուբին ծուխէն: 3Եւ ծուխէն մարախներ կ’ելլէին երկրի վրայ, ու անոնց զօրութիւն տրուեցաւ երկրի կարիճներուն ունեցած զօրութեանը պէս. 4Եւ անոնց ըսուեցաւ որ չվնասեն երկրի խոտին, ոչ ալ կանանչեղէնի մը և ոչ ծառի մը, հապա միայն այն մարդոց, որոնք իրենց ճակատներուն վրայ Աստուծոյ կնիքը չունին: 5Եւ անոնց հրաման տրուեցաւ որ չսպաննեն զանոնք, հապա չարչարեն զանոնք հինգ ամիս. ու անոնց տուած չարչարանքը կարիճի տուած չարչարանքին պէս էր` երբ մարդը կը զարնէ: 6Եւ այն օրերը մարդիկ մահը պիտի փնտռեն ու պիտի չգտնեն. և պիտի ուզեն մեռնիլ, ու մահը անոնցմէ պիտի փախչի: 7Եւ մարախներուն նմանութիւնը` պատերազմի պատրաստուած ձիերու պէս, ու անոնց գլուխներուն վրայ ոսկեղէն պսակներու պէս, և անոնց երեսները մարդոց երեսներու պէս էին. 8Ու անոնք մազեր ունէին կիներու մազերուն պէս, ու անոնց ակռաները առիւծներու ակռաներուն պէս էին: 9Եւ զրահներ ունէին երկաթէ զրահներու պէս. ու անոնց թևերուն ձայնը պատերազմի վազող շատ ձիեր լծուած կառքերու ձայնին պէս էր: 10Եւ կարիճներու նման պոչեր ունէին, ու պոչերնուն վրայ խայթոց. և իշխանութիւն ունէին հինգ ամիս մարդոց վնասելու: 11Եւ իրենց վրայ թագաւոր ունէին անդունդին հրեշտակը, որուն անունը Եբրայեցերէն Աբադոն, և Յոյն լեզուով կ’ըսուի Ապողղիոն: 12Մէկ վայը անցաւ. ասկէ ետև ահա երկու վայեր ալ կու գան: 13Եւ վեցերորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց, ու ձայն մը լսեցի Աստուծոյ առջև եղող սեղանին չորս եղջիւրներէն, 14Որ կ’ըսէր վեցերորդ հրեշտակին որ փողը ունէր, Եփրատ մեծ գետին վրայ կապուած չորս հրեշտակները արձակէ: 15Եւ այն չորս հրեշտակները արձակուեցան, որ պատրաստուած էին ժամի ու օրուան և ամիսի ու տարիի համար, որպէս զի մարդոց երրորդ մասը մեռցնեն: 16Եւ ձիաւոր զօրքերուն համրանքը երկու բիւրք բիւրուց էր, ու լսեցի անոնց համրանքը: 17Եւ տեսիլքին մէջ այսպէս տեսայ ձիերը, ու անոնց վրայ հեծնողները` որոնք ունէին հրեղէն ու յակնթեղէն և ծծմբեղէն զրահներ. և ձիերուն գլուխները առիւծներու գլուխներուն պէս էին, ու անոնց բերնէն կրակ ու ծուխ և ծծումբ կ’ելլէր: 18Այս երեք [հարուած]ներէն մարդոց երրորդ մասը մեռաւ, այսինքն կրակէն ու ծուխէն ու ծծումբէն, որոնք անոնց բերնէն կ’ելլէին: 19Վասն զի անոնց զօրութիւնը բերաններնուն մէջ է ու պոչերնուն մէջ. քանզի անոնց պոչերը օձերու նման էին, գլուխներ ունէին որոնցմով կը վնասէին: 20Եւ ուրիշ մարդիկ որոնք այս հարուածներէն չսպաննուեցան, իրենց ձեռքերուն գործերէն չապաշխարեցին, որ երկրպագութիւն չընեն դևերուն, ու ոսկիէ և արծաթէ ու պղնձէ և քարէ ու փայտէ շինուած կուռքերուն, որոնք ոչ կրնան տեսնել, ոչ ալ լսել ու ոչ քալել. 21Նաև չապաշխարեցին իրենց մարդասպանութիւններէն, ոչ ալ իրենց կախարդութիւններէն, ոչ ալ իրենց պոռնկութենէն և ոչ իրենց գողութիւններէն:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981