Հռովմայեցիս
1
1Պօղոս, Յիսուսի Քրիստոսի ծառայ, առաքեալ ըլլալու կանչուած, Աստուծոյ աւետարանին համար որոշուած, 2(Որ առաջուընէ իր մարգարէներուն ձեռքով սուրբ գիրքերով խոստացաւ,) 3Իր Որդւոյն մեր ՏԷր Յիսուս Քրիստոսի վրայով, որ մարմնի կողմանէ Դաւիթի սերունդէն եղաւ, 4Որ սրբութեան հոգիին կողմանէ Որդի Աստուծոյ յայտնուեցաւ զօրութեամբ՝ մեռելներէն յարութիւն առնելով՝ 5Որով շնորհք և առաքելութիւն առինք՝ հաւատքի հնազանդութեան համար բոլոր ազգերուն մէջ, անոր անուանը համար: 6Որոնց մէջ դուք ալ Յիսուս Քրիստոսի կանչուածներն էք, 7Ձեր ամէնուն որ Հռովմայ մէջ էք, Աստուծոյ սիրելիներուդ, սուրբ ըլլալու կանչուածներուդ, շնորհք և խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ։
Գոհաբանական աղօթք
8Նախ կը գոհանամ իմ Աստուծմէս Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով ձեր ամէնուն համար, որ ձեր հաւատքը բոլոր աշխարհ կը պատմուի։ 9Քանզի վկայ է ինծի Աստուած, զոր ես կը պաշտեմ իմ հոգիովս անոր Որդւոյն աւետարանին մէջ, 10Թէ ի՛նչպէս անդադար ձեզ կը յիշեմ, ամէն ատեն իմ աղօթքներուս մէջ խնդրելով՝ որ թերևս անգամ մը Աստուծոյ կամքովը ինծի յաջողութիւն մը ըլլայ ձեզի գալու։ 11Քանզի կը փափաքիմ ձեզ տեսնել, որ ձեզի հոգևոր շնորհք մը հաղորդեմ, որպէս զի հաստատուիք: 12Այսինքն ձեզի հետ ես ալ մխիթարակից ըլլամ իմ ու ձեր փոխադարձ հաւատքին միջոցով։ 13Սակայն չեմ ուզեր որ չգիտցող ըլլաք, եղբայրներ, որ շատ անգամ ուզեցի գալ ձեզի, (և մինչև հիմա արգիլուեցայ,) որպէս զի ձեր մէջ ալ պտուղ մը ունենամ, ինչպէս ուրիշ հեթանոսներու մէջ ալ։ 14Յոյներուն ու Բարբարոսներուն, իմաստուններուն ու անմիտներուն ալ պարտական եմ։ 15Ուստի որչափ որ ձեռքէս կու գայ, յօժարութիւն ունիմ ձեզի ալ, որ Հռովմայ մէջ էք, աւետարանը քարոզելու։
Աւետարանին զօրութիւնը
16Վասն զի ես ամօթ չեմ սեպեր աւետարանը, քանզի Աստուծոյ զօրութիւնն է այն՝ բոլոր հաւատացեալներուն փրկութեան համար, առաջ Հրեային ու ետքը Յոյնին։ 17Վասն զի անով Աստուծոյ արդարութիւնը, որ է հաւատքէն, հաւատքի համար կը յայտնուի, ինչպէս գրուած է թէ Արդարը հաւատքէն պիտի ապրի։
Մարդկութեան մեղքը
18Քանզի Աստուծոյ բարկութիւնը երկինքէն կը յայտնուի մարդոց բոլոր ամբարշտութեանը և անիրաւութեանը վրայ, որոնք ճշմարտութիւնը անիրաւութեամբ բռներ են։ 19Վասն զի Աստուծոյ վրայով գիտնալու բանը իրենց մէջ յայտնի է, որովհետև Աստուած անոնց յայտնեց։ 20Քանզի աներևոյթ բաները աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ’իմացուին, կը տեսնուին, այսինքն է իր մշտնջենաւոր զօրութիւնը ու աստուածութիւնը, որպէս զի անպատասխանի մնան: 21Վասն զի իրենք զԱստուած ճանչնալով՝ Աստուծոյ պէս չփառաւորեցին կամ շնորհակալ չեղան, հապա իրենց խորհուրդներուն մէջ ունայնացան, և սիրտերնին անմտութիւնով խաւարեցաւ։ 22Իրենք իմաստուն ենք՝ ըսելով յիմարեցան: 23Եւ անեղծ Աստուծոյ փառքը փոխեցին, նմանցնելով եղծանելի մարդու և թռչուններու ու չորքոտանիներու և սողուններու պատկերին։ 24Անոր համար Աստուած ալ պղծութեան մատնեց զանոնք իրենց սիրտերուն ցանկութիւններովը՝ իրենց մարմինները իրենց մէջ խայտառակելու: 25Որոնք Աստուծոյ ճշմարտութիւնը սուտի հետ փոխեցին, ու երկրպագութիւն և պաշտօն մատուցին ստեղծուածներուն քան թէ Ստեղծողին, որ յաւիտեան օրհնեալ է։ Ամէն։ 26Անոր համար Աստուած զանոնք անարգ կիրքերու մատնեց, որ իրենց էգերը անգամ՝ բնական պէտքը բնութեան դէմ եղող պէտքի փոխեցին։ 27Նոյնպէս ալ արուները կնոջ բնական պէտքը թողուցած՝ իրենց ցանկութիւնովը իրարու հետ վառուեցան, արուները արուներու հետ խայտառակութիւն կը գործէին, և իրենց մոլութեանը վայլած հատուցումը իրենց վրայ կ’ընդունէին։ 28Եւ որովհետև չուզեցին զԱստուած իրենց գիտութեանը մէջ պահել, Աստուած ալ զանոնք անարգ խորհուրդներու մատնեց անվայել բաներ ընելու: 29Որոնք լեցուած էին ամէն անիրաւութիւնով, պոռնկութիւնով, անզգամութիւնով, ագահութիւնով, չարութիւնով, նախանձով լեցուն, մարդասպանութիւնով, հակառակութիւնով, նենգութիւնով, չարասրտութիւնով, և էին քսուներ, 30Չարախօսներ, զԱստուած ատողներ, նախատողներ, հպարտներ, ամբարտաւաններ, չար բաներ հնարողներ, ծնողաց անհնազանդներ, 31Անմիտներ, ուխտ չպահողներ, անգութներ, անհաշտներ, անողորմներ: 32Որոնք գիտնալով Աստուծոյ դատաստանը, թէ անոնք որ այսպիսի բաներ կ’ընեն՝ մահուան արժանի են, ոչ թէ միայն այն բաները կ’ընեն, հապա ընողներուն հաւանութիւն ալ կու տան։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981