Հռովմայեցիս
10
1Եղբայրներ, իմ սրտիս փափաքը ու աղօթքը առ Աստուած Իսրայէլի փրկուելուն համար է։ 2Վասն զի ես կը վկայեմ անոնց համար, թէ Աստուծոյ նախանձաւորութիւնը ունին, բայց ոչ թէ գիտութեամբ։ 3Վասն զի անոնք Աստուծոյ արդարութիւնը չգիտնալով, ու իրենց արդարութիւնը հաստատել ուզելով, Աստուծոյ արդարութեանը չհնազանդեցան։ 4Քանզի օրէնքին վախճանը Քրիստոս է ամէն հաւատացեալի արդարութեան համար։
Փրկութիւնը բոլորին համար
5Վասն զի Մովսէս օրէնքէն եղած արդարութիւնը կը ստորագրէ թէ, Զանոնք կատարող մարդը անոնցմով պիտի ապրի։ 6Բայց հաւատքէն եղած արդարութիւնը այսպէս կ’ըսէ, Մի ըսէր քու սրտիդ մէջ, Ո՞վ պիտի ելլէ երկինք, (այսինքն Քրիստոսը իջեցնելու:) 7Կամ թէ Ո՞վ պիտի իջնէ անդունդը, (այսինքն Քրիստոսը մեռելներէն հանելու։) 8Հապա ի՞նչ կ’ըսէ. Խօսքը քեզի մոտ է, քու բերնիդ մէջ և քու սրտիդ մէջ է, այսինքն հաւատքին խօսքը զոր մենք կը քարոզենք։ 9Վասն զի եթէ քու բերնովդ Յիսուսը Տէր խոստովանիս, ու քու սրտիդ մէջ հավատաս թէ Աստուած զանիկա մեռելներէն յարուց, պիտի փըրկուիս: 10(Վասն զի սրտով կը հաւատայ մէկը արդարանալու, ու բերնով կը խոստովանի փրկուելու։) 11Քանզի գիրքը կ’ըսէ, Ամէն ով որ անոր հաւատայ, պիտի չամչնայ։ 12Վասն զի խտրութիւն չկայ Հրեային ու Յոյնին մէջտեղ, վասն զի ամէնուն Տէրը նոյնն է, առատ ամէնուն որոնք իրեն կը կանչեն։ 13Քանզի ով որ Տէրոջը անունը կանչէ, պիտի փրկուի։ 14Ուրեմն ի՞նչպէս պիտի կանչեն անոր՝ որու չհաւատացին, կամ ի՞նչպէս պիտի հաւատան անոր՝ որուն վրայով չլսեցին. կամ ի՞նչպէս պիտի լսեն՝ առանց մէկուն քարոզելուն։ 15Կամ ի՞նչպէս պիտի քարոզեն՝ եթէ չղրկուին. ինչպէս գրուած է, Ի՛նչպէս գեղեցիկ են խաղաղութիւն աւետարանողներուն ու բարի բաներու աւետիս տուողներուն ոտքերը։ 16Բայց ամէնը հնազանդ չեղան աւետարանին, քանզի Եսայի կ’ըսէ, Տէր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին։ 17Ուրեմն հաւատքը լսելէն է, ու լսելը Աստուծոյ խօսքէն։ 18Բայց կ’ըսեմ, Միթէ չլսեցի՞ն, մանաւանդ Բոլոր երկիր ելաւ անոնց հնչիւնը, ու անոնց խօսքը՝ մինչև աշխարհի ծայրերը։ 19Բայց կ’ըսեմ, Միթէ Իսրայէլ չգիտցա՞ւ. առաջ Մովսէս կ’ըսէ, Ես ձեզ նախանձի պիտի գրգռեմ անպիտան ժողովուրդով մը, ու անմիտ ազգով մը ձեզ պիտի բարկացնեմ։ 20Բայց Եսայի կը համարձակի ու կ’ըսէ, Ես անոնց գտնուեցայ՝ որոնք զիս չէին փնտռեր, յայտնի եղայ անոնց՝ որոնք զիս չէին հարցներ։ 21Սակայն Իսրայէլի վրայով կ’ըսէ, Բոլոր օրը իմ ձեռքերս երկնցուցի անհնազանդ ու հակառակող ժողովուրդի մը։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981