Հռովմայեցիս
12
Աստուծոյ ծառայութեան մէջ կենաք
1Արդ կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրներ, Աստուծոյ ողորմութիւնովը, որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը։ 2Եւ մի կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէք, որպէս զի քննէք թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի և կատարեալ է։ 3Քանզի ինծի տրուած շնորհքով զայս կ’ըսեմ ձեր մէջ եղող ամէն մէկուն, որ արժան եղածը մտածելէն աւելի բան չմտածէ, հապա զգաստ կենալ մտածէ, ինչպէս Աստուած ամէն մէկուն բաժնեց հաւատքին չափը։ 4Վասն զի ինչպէս մէկ մարմինի մէջ շատ անդամներ ունինք, ու այն ամէն անդամները միևնոյն գործը չունին: 5Նոյնպէս մենք շատուորներս մէկ մարմին ենք Քրիստոսով, և ամէն մէկերնիս իրարու անդամներ ենք։ 6Ուստի մենք զանազան պարգևներ ունենալով այն շնորհքին համեմատ որ մեզի տրուած է, եթէ մարգարէութիւն՝ հաւատքին չափովը գործածենք: 7Եթէ սպասաւորութիւն՝ սպասաւորութեան մէջ ըլլանք. եթէ ան որ կը սորվեցնէ՝ սորվեցնելու ետևէ ըլլայ: 8Եթէ ան որ կը յորդորէ՝ յորդորելու ետևէ, ան որ կը բաշխէ՝ պարզմտութեամբ թող ընէ, ան որ վերակացու է` ջանքով, ան որ կ’ողորմի՝ յօժարութեամբ: 9Սէրը առանց կեղծաւորութեան ըլլայ, չարէն զզուելով, բարիին յարելով: 10Եղբայրասիրութեան մէջ իրարու վրայ գորովալից եղէք. պատուելու մէջ իրարմէ անցէք: 11Ջանքի մէջ թուլասիրտ չըլլաք, հոգիով բորբոքեցէք. Տէրոջը ծառայեցէք: 12Յուսով ուրախ եղէք. նեղութեան մէջ համբերեցէք. ստէպ աղօթքի կեցէք: 13Սուրբերուն պետքերուն հաղորդ եղէք, հիւրասիրութեան ետևէ եղէք. 14Ձեզ հալածողները օրհնեցէք, օրհնեցէք ու մի անիծէք 15Խնդացողներուն հետ խնդացէք, և լացողներուն հետ լացէք: 16Իրարու վրայ միեւնոյն խորհուրդը ունեցէք, ամբարտաւանութիւն մի ընէք, հապա խոնարհներուն հետ խոնարհեցէք. ինքզինքնիդ իմաստունի տեղ մի դնէք: 17Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի հատուցանէք. ամէն մարդոց առջև բարի բաներ ընելու հոգ տարէք։ 18Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդոց հետ խաղաղութիւն ունեցէք։ 19Սիրելիներ, վրէժխնդրութիւն մի ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղ տուէք, վասն զի գրուած է, Վրէժխնդրութիւնը իմս է, ես պիտի հատուցանեմ, կ’ըսէ Տէրը։ 20Ուստի եթէ քու թշնամիդ անօթեցեր է՝ հաց տուր անոր, և եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր անոր. քանզի զայս ընելով՝ անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր պիտի դիզես։ 21Չարէն մի յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ չարին։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981