Հռովմայեցիս
8
Հոգիով կեանք
1Իսկ արդ դատապարտութիւն չկայ Քրիստոս Յիսուսով եղողներուն, որոնք մարմանուոր կերպով չեն վարուիր։ 2Քանզի Քրիստոս Յիսուսով կեանքի հոգիին օրէնքը զիս ազատեց մեղքի և մահուան օրէնքէն։ 3Վասն զի այն որ անկարելի էր օրէնքին, որովհետև տկար էր մարմնով, Աստուած իր Որդին ղրկեց մեղանչական մարմինի նմանութեամբ ու մեղքի համար, և դատապարտեց մեղքը այն մարմինին մէջ: 4Որպէս զի օրէնքին արդարութիւնը կատարուի մեր մէջ, որ մարմնաւորապէս չենք քալեր, հապա հոգևորապէս։ 5Քանզի մարմնաւոր եղողները մարմինին բաները կը մտածեն, ու հոգևոր եղողները՝ հոգիին բաները։ 6Վասն զի մարմնաւոր խորհուրդը մահ է, և հոգևոր խորհուրդը կեանք ու խաղաղութիւն։ 7Քանզի մարմնաւոր խորհուրդը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է, վասն զի Աստուծոյ օրէնքին չհնազանդիր, մանաւանդ չկրնար ալ։
Ապագայ փառքը
8Վասն զի մարմինով եղողները չեն կրնար Աստուծոյ հաճոյ ըլլալ։ 9Բայց դուք մարմինով չէք հապա հոգիով, եթէ Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ բնակած է, իսկ եթէ մէկը Քրիստոսի Հոգին չունի, անիկա անորը չէ։ 10Եւ եթէ Քրիստոս ձեր մէջ է, ալ մարմինը մեռած է մեղքի համար, ու հոգին կենդանի է արդարութեան համար։ 11Իսկ եթէ Յիսուսը մեռելներէն յարուցանողին Հոգին ձեր մէջ բնակած է, ալ անիկա որ Քրիստոսը մեռելներէն յարուց, պիտի կենդանացնէ ձեր մահկանացու մարմինները իր Հոգիովը որ ձեր մէջ կը բնակի։ 12Ապա ուրեմն, եղբայրներ, պարտապան ենք, ոչ թէ մարմինին՝ մարմնաւորապէս ապրելու: 13Վասն զի եթէ մարմնաւորապէս ապրելու ըլլաք, պիտի մեռնիք, բայց եթէ Հոգիով մարմինին գործերը սպաննէք, պիտի ապրիք։ 14Վասն զի որոնք որ Աստուծոյ հոգիովը կ’առաջնորդուին, անոնք Աստուծոյ որդիներն են։ 15Քանզի դուք ծառայութեան հոգին չառիք կրկին վախնալու, հապա որդեգրութեան հոգին առիք, որ անով կը կանչենք Աբբա Հայր։ 16Նոյն ինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ, թէ մենք Աստուծոյ որդիներն ենք: 17Եւ եթէ որդիներ, ուրեմն ժառանգներ, Աստուծոյ ժառանգներ ու Քրիստոսի ժառանգակիցներ. որպէս զի, եթէ իր չարչարանքներուն կցորդ ըլլանք, իր փառքին ալ հաղորդ ըլլանք։ 18Վասն զի ես այսպէս կը դատեմ որ այս ժամանակին չարչարանքները բան մը չեն գալու փառքին քով՝ որ մեզի պիտի յայտնուի։ 19Քանզի ստեղծուածներուն եռանդուն ակնկալութիւնը Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն կը սպասէ։ 20Վասն զի ունայնութեան հնազանդեցան ստեղծուածները, (ոչ թէ իրենց կամքովը՝ հապա անոր համար որ հնազանդեցուց,) 21Այն յուսով, որ ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը հասնին։ 22Քանզի գիտենք որ ամէն ստեղծուածները մինչև հիմա մէկտեղ կը հառաչեն ու ծնանելու ցաւ կը քաշեն։ 23Եւ ոչ միայն այսքան, հապա մենք ալ որ Հոգիին առաջին պտուղը ունինք, մենք մեզմէ մեր անձերուն մէջ կը հառաչենք որդեգրութեան, այսինքն մեր մարմինին ազատութեանը, սպասելով։ 24Վասն զի յուսով փրկուեցանք, բայց յոյսը որ կը տեսնուի, յոյս չէ, վասն զի այն բանին, զոր կը տեսենէ մէկը, ալ ինչո՞ւ պիտի յուսայ։ 25Իսկ եթէ չտեսած բաներնուս կը յուսանք, ալ համբերութիւնով կը սպասենք անոր։ 26Նոյնպէս Հոգին ալ օգնութեան կը հասնի մեր տկարութիւններուն, քանզի ի՛նչ բանի համար աղօթելու ենք ըստ արժանւոյն՝ չենք գիտեր. բայց ինք Հոգին բարեխօս կ’ըլլայ մեզի համար անբարբառ հառաչանքներով։ 27Եւ սիրտերը Քննողը գիտէ Հոգիին ի՛նչ խորհիլը, քանզի Աստուծոյ կամքին համեմատ բարեխօսութիւն կ’ընէ սուրբերուն համար։ 28Սակայն գիտենք որ ամէն բաները բարիի գործակից կ’ըլլան անոնց որ զԱստուած կը սիրեն, որոնք անոր նախասահմանութիւնովը կանչուած են։ 29Վասն զի զանոնք որ առաջ կը ճանչնար, առաջուընէ ալ սահմանեց իր Որդւոյն պատկերին կերպարանակից ըլլալու, որպէս զի անիկա անդրանիկ ըլլայ շատ եղբայրներու մէջ։ 30Եւ զորոնք առաջուընէ սահմանեց, նաև կանչեց զանոնք, և զորոնք կանչեց, նաև արդարացուց զանոնք, և զորոնք արդարացուց, նաև փառաւորեց զանոնք։
Աստուծոյ սէրը Յիսուս Քրիստոսով
31Ուրեմն ի՞նչ ըսենք այս բաներուն համար. եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ։ 32Ան որ իր Որդւոյն չխնայեց, հապա մեր ամէնուն համար մատնեց զանիկա, ալ ի՞նչպէս անոր հետ ամէն բաները մեզի չպարգևեր։ 33Ո՞վ է որ Աստուծոյ ընտրածներուն դէմ մեղադիր ըլլայ. Աստուած է որ կ’արդարացնէ։ 34Ուրեմն ո՞վ է որ կը դատապարտէ. Քրիստոս է որ մեռաւ, մանաւանդ թէ յարութիւն ալ առաւ, ու Աստուծոյ աջ կողմն է, որ նաև մեզի համար բարեխօսութիւն կ’ընէ։ 35Ուրեմն ո՞վ պիտի զատէ մեզ Քրիստոսի սէրէն, տառապա՞նքը, կամ նեղութի՞ւնը, կամ հալածա՞նքը, կամ սո՞վը, կամ մերկութի՞ւնը, կամ վտա՞նգը, կամ սո՞ւրը: 36(Ինչպէս գրուած է, Ամէն օր քեզի համար կը սպաննուինք. մորթուելու ոչխարի պէս կը սեպուինք։) 37Հապա այս ամէն բաներուն մէջ ա՛լ աւելի յաղթող կ’ըլլանք անով որ մեզ սիրեց։ 38Վասն զի ես հաստատ գիտեմ թէ ոչ մահը, և ոչ կեանքը, ու ոչ հրեշտակները, և ոչ իշխանութիւնները, ու ոչ զօրութիւնները, և ոչ ներկայ բաները, ու ոչ գալու բաները, 39Եւ ոչ բարձրութիւնը, ու ոչ խորունկութիւնը, և ոչ ուրիշ արարած մը կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով է։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981