Հռովմայեցիս

9

Աստուած և իր ընտրեալ ժողովուրդը

1Ստոյգը կ’ըսեմ Քրիստոսով ու չեմ ստեր, (իմ խիղճս ալ ինծի կը վկայէ Հոգւով Սրբով,) 2Որ մեծ տրտմութիւն է ինծի, ու իմ սրտիս անպակաս ցաւ։ 3Քանզի ես ինքնս կը խնդրէի նզովուած ըլլալ Քրիստոսէ, իմ մարմնի կողմանէ եղբայրներուս ու ազգականներուս համար, 4Որոնք Իսրայելացի են, որոնցն է որդեգրութիւնը ու փառքը և ուխտերը ու օրինադրութիւնը և պաշտօնը ու խոստմունքները: 5Իրենցն են նահապետները, իրենցմէ եկաւ Քրիստոս ալ մարմնի կողմանէ, որ է ամէնուն վրայ օրհնեալ յաւիտեանս։ Ամէն։ 6Բայց ոչ իբր թէ Աստուծոյ խօսքը գետին ինկած է, քանզի ոչ թէ ամէն Իսրայէլէ եղողները Իսրայելացի են։ 7Եւ ոչ թէ Աբրահամի սերունդ ըլլալնուն համար ամէնը որդիներ են, հապա Իսահակով քեզի սերունդ պիտի կոչուի։ 8Այսինքն՝ ոչ թէ անոնք որ մարմնի որդիներ են՝ Աստուծոյ որդիներ ալ են, հապա խոստմունքի որդիները սերունդ կը սեպուին։ 9Վասն զի խոստմունքին խօսքը այս էր, թէ Այս ատեն պիտի գամ, ու Սառա որդի պիտի ունենայ։ 10Եւ ոչ միայն այսքան, հապա Ռեբեկայէ ալ յայտնի է որ յղացաւ մէկէն, այսինքն մեր հօրմէն: 11Վասն զի տղաքը դեռ չծնած, և դեռ աղէկ կամ գէշ բան մը չգործած, (որպէս զի Աստուծոյ նախասահմանութիւնը հաստատ մնայ ընտրութեանը պէս, 12Ոչ թէ գործերէն, հապա անկէ որ կանչեց,) իրեն ըսուեցաւ թէ, 13Մեծը պզտիկին պիտի ծառայէ, ինչպէս գրուած է թէ Յակոբը սիրեցի, բայց Եսաւը ատեցի։ 14Ուրեմն ի՞նչ ըսենք, Միթէ Աստուծոյ քով անիրաւութի՞ւն կայ, քա՛ւ լիցի։ 15Վասն զի Մովսէսի կ’ըսէ, Որու որ պիտի ողորմիմ՝ կ’ողորմիմ, ու որու վրայ որ պիտի գթամ՝ կը գթամ։ 16Ուրեմն ոչ անկէ է որ կը կամի, ու ոչ անկէ՝ որ կը վազէ, հապա Աստուծմէ՝ որ կ’ողորմի։ 17Քանզի գիրքը Փարաւոնի կ’ըսէ, Անոր համար քեզ վերցուցի, որ իմ զօրութիւնս քեզմով ցուցնեմ, ու բոլոր երկրի մէջ իմ անունս պատմուի։ 18Ուստի որու որ կ’ուզէ՝ կ’ողորմի, և զոր կ’ուզէ՝ կը խստացնէ։

Աստուծոյ բարկութիւնը և ողորմութիւնը

19Ուրեմն ինծի պիտի ըսես թէ Ալ ինչո՞ւ մեղադիր կ’ըլլայ. վասն զի ո՞վ անոր կամքին դէմ դրաւ։ 20Բայց դուն ո՞վ ես, ով մարդ, որ Աստուծոյ դէմ պատասխան կու տաս, միթէ ստեղծուածը իր Ստեղծողին կրնա՞յ ըսել թէ Զիս ինչո՞ւ այդպէս շինեցիր։ 21Բրուտը իշխանութիւն չունի՞ կաւին վրայ՝ նոյն շաղուածքէն աման շինելու, մէկը պատուի՝ և միւսը անարգանքի համար։ 22Հապա ի՞նչ ըսելիք ունի մեկը, եթէ Աստուած իր բարկութիւնը ցուցնել՝ ու իր զօրութիւնը յայտնել ուզելով, շատ երկայնմտութեամբ համբերեց կորսուելու պատրաստուած բարկութեան ամաններուն. 23Եւ կամ որպէս զի իր փառքին մեծութիւնը յայտնի ընէ ողորմելու ամաններուն վրայ, զորոնք փառքի համար առաջուընէ պատրաստեց: 24Այսինքն մեզ զորոնք կանչեց, ոչ թէ միայն Հրեաներէն, հապա հեթանոսներէն ալ. 25Ինչպէս Ովսէէի մէջ ալ կ’ըսէ, իմ ժողովուրդս չեղողին իմ ժողովուրդս պիտի կանչեմ, ու սիրելի չեղողին՝ սիրելի։ 26Եւ պիտի ըլլայ թէ այն տեղ ուր անոնց ըսուեցաւ թէ Դուք իմ ժողովուրդս չէք, հոն անոնք Կենդանի Աստուծոյն որդիները պիտի ըսուին։ 27Եսայի ալ Իսրայէլի համար կ’աղաղակէ, Թէև Իսրայէլի որդիներուն թիւը ծովու աւազին պէս ըլլայ, միայն մնացորդ մը պիտի ազատի։ 28Քանզի Տերը համառօտ և կարճ բան մը կ’ընէ արդարութեամբ, վասն զի Տերը կարճ բան մը պիտի ընէ երկրի վրայ։ 29Եւ ինչպէս Եսայի առաջուընէ ըսաւ, եթէ զօրաց Տէրը մեզի սերունդ մը թողուցած չըլլար, մենք Սոդոմի պէս պիտի ըլլայինք, ու Գոմորի պիտի նմանէինք։

Իսրայէլ և Աւետարանը

30Ուրեմն ի՛նչ ըսենք. թէ հեթանոսները որոնք արդարութեան չէին հետևեր՝ արդարութեան հասան, այն արդարութեան՝ որ հաւատքէն է. 31Բայց որ արդարութեան օրէնքին կը հետևէր, արդարութեան օրէնքին չհասաւ։ 32Ինչո՞ւ համար. վասն զի ոչ թէ հաւատքէն, հապա որպէս թէ օրէնքին գործերէն ուզեց արդարանալ, վասն զի գայթակղութեան վէմին վրայ գլորեցան: 33Ինչպէս գրուած է, Ահա Սիօնի մէջ գայթակղութեան քար մը կը դնեմ ու գլորելու վէմ մը. և ամէն ով որ անոր հաւատայ, պիտի չամչնայ։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981