Երգ Երգոց
1
Առաջին երգ
1Երգ երգոց Սողոմոնի։
ԿԻՆԸ
2Իր բերանին համբոյրներովը թող համբուրէ զիս. Վասն զի քու սէրդ գինիէն աղէկ է։ 3Քու իւղերուդ հոտը ախորժելի է, Քու անունդ թափուած իւղի պէս է, Անոր համար օրիորդները քեզ կը սիրեն։ 4Զիս քաշէ, քու ետևէդ պիտի վազենք. Թագաւորը իր ներքին սենեակները տարաւ զիս. Քեզի հետ ցնծանք և ուրախանանք, Քու սէրդ գինիէն աւելի յիշենք. Քեզ ուղղութեամբ կը սիրեն։ 5Ով Երուսաղէմի աղջիկներ, Ես սև եմ, բայց գեղեցիկ, Կեդարու վրաններուն պէս, Սողոմոնի վարագոյրներուն պէս։ 6Իմ սևցած ըլլալուս մի նայիք, Վասն զի արևը զիս տեսաւ. Իմ մօրս որդիները ինծի սրդողեցան, Զիս այգիներու պահապան ըրին. Բայց իմ այգիիս պահպանութիւն չըրի։ 7Պատմէ ինծի, ով հոգիիս սիրածը, Քու հօտդ ո՞ւր կ’արածես. Կէսօրին ո՞ւր կը պառկեցնես. Քանզի քու ընկերներուդ հօտերուն քով Ինչո՞ւ թափառականի պէս ըլլամ։
ՄԱՐԴԸ
8Եթէ դուն չես գիտեր, ով կիներուն գեղեցիկը, Հօտերուն շաւիղներէն գնա, Ու հովիւներուն վրաններուն քով քու ուլերդ արածէ։ 9Փարաւոնի կառքերուն լծուած ձիերուս Նմանցուցի քեզ, ով իմ սիրուհիս. 10Քու այտերդ զարդերով գեղեցիկ են, Եւ քու պարանոցդ՝ քառամանեակներով։ 11Քեզի ոսկեղէն զարդեր պիտի շինենք Արծաթէ կիտուածներով։
ԿԻՆԸ
12Երբ թագաւորը սեղանն էր, Իմ նարդոսս իր հոտը բուրեց, 13Իմ սիրականս ինծի ստաշխի ծրարին պէս է, Գիշերը իմ ստինքներուս մէջ պիտի հանգչի։ 14Իմ սիրականս հինայի ողկոյզին պէս է ինծի Ենգադդի այգիներուն մէջ։
ՄԱՐԴԸ
15Ահա գեղեցիկ ես, ով իմ սիրուհիս, Ահա գեղեցիկ ես. քու աչքերդ աղաւնիներու աչքերուն նման են։
ԿԻՆԸ
16Ով իմ սիրականս, ահա գեղեցիկ ես ու վայելուչ. Եւ մեր անկողինը կանանչ է։ 17Մեր տուներուն գերանները եղևնափայտ են, Ու մեր առիքները մայր փայտէ են։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981