Երգ Երգոց

3

ՄԱՐԴԸ

1Իմ հոգւոյս սիրածը Գիշերը անկողինիս մէջ փնտռեցի, Զանիկա փնտռեցի բայց չգտայ։ 2Ելլեմ հիմա պտըտիմ քաղաքին մէջ, Փողոցներուն ու հրապարակներուն մէջ, Իմ հոգիիս սիրածը փնտռեմ. Զանիկա փնտռեցի, բայց չգտայ։ 3Քաղաքին մէջ պտըտող պահապանները զիս գտան. Արդեօք իմ հոգիիս սիրածը տեսա՞ք՝ ըսի: 4Անոնցմէ քիչ մը առաջ անցնելով, Իմ հոգիիս սիրածը գտայ. Զանիկա բռնեցի ու չթողուցի, Մինչև որ իմ մօրս տունը, Ու զիս ծնանողին սենեակը, տարի։ 5Ով Երուսաղէմի աղջիկներ, Ձեզ այծեամներով կամ դաշտին եղնիկներովը կ’երդմնցնեմ, Որ սիրուհին չվերցնէք ու չարթնցնէք՝ Մինչև որ ինք չուզէ։

Երրորդ երգ

ԿԻՆԸ

6Ո՞վ է ասիկա՝ որ զմուռսով և կնդրուկով Ու փերեզակներուն ամէն տեսակ փոշիովը խնկուած՝ Անապատէն կ’ելլէ ծուխի սիւներու պէս։ 7Ահա Սողոմոնի գահոյքը Որուն բոլորտիքը Իսրայէլի զօրաւորներէն Վաթսուն զօրաւոր կայ. 8Ամէնն ալ սուսերաւոր են, Ու պատերազմի վարժուած են. Գիշերուան վախին համար՝ Ամէն մէկուն սուրը իր ազդրին վրայ է։ 9 թագաւորը Լիբանանի ծառերէն Գահաւորակ մը շինեց իրեն համար. 10Սիւները արծաթէ, յենարանները ոսկիէ, Բազմոցը ծիրանիէ շինեց. Ու մէջը Երուսաղէմի աղջիկներէն Խիստ գեղեցիկ* նկարագործուած էր։ 11Ով Սիօնի աղջիկներ, ելէք, Եւ Սողոմոն թագաւորը տեսէք Այն թագովը, որով իր մայրը անոր փեսայութեան օրը Ու սրտին ուրախութեան օրը պսակեց զանիկա։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981