Երգ Երգոց
4
ՄԱՐԴԸ
1Ահա դուն գեղեցիկ ես, ով իմ սիրուհիս, Ահա դուն գեղեցիկ ես. Լաչակիդ մէջէն քու աչքերդ աղաւնիներու աչքերուն նման են. Քու մազերդ Գաղաադ լեռը պառկող* այծերուն հօտին պէս են։ 2Ակռաներդ լուացարանէն ելլող խուզած հօտի պէս են, Որոնց ամէնը երկուորեակ կը ծնանին, Ու անոնց մէջ ամուլ չկայ։ 3Քու շրթունքներդ կարմիր դերձանի պէս են, Ու խօսուածքդ գեղեցիկ է. Այտերդ լաչակիդ մէջէն՝ Նուռի կտորներու կը նմանին։ 4Քու պարանոցդ զինարանի համար շինուած Դաւիթի աշտարակին պէս է, Որ հոն հազար ասպար կախուած են. Ամէնն ալ զօրաւորներուն վահաններն են։ 5Քու երկու ստինքդ նման են երկու ուլերու, Որոնք այծեամի մը երկուորեակ ծնած են, Եւ շուշաններու մէջ կ’արածուին։ 6Օրուան հովը չփչած, ու ստուերները չհեռացած, Ես զմուռսի լեռը ու կնդրուկի բլուրը պիտի երթամ։ 7Բոլորովին գեղեցիկ ես, ով իմ սիրուհիս, Եւ քու վրադ արատ չկայ։ 8Ով հարսն, ինծի հետ Լիբանանէ եկուր, Ինծի հետ Լիբանանէ եկուր. Ամանայի գագաթէն, Սանիրի ու Հերմոնի գագաթէն, Առիւծներուն մորիներէն ու ինձերուն լեռներէն նայէ։ 9Սիրտս առիր, ով իմ հարս քոյրս, Սիրտս առիր քու մէկ աչքովդ Եւ պարանոցիդ մէկ քառամանեակովը։ 10Քու սէրդ ի՜նչ գեղեցիկ է, ով հարս քոյրս. Քու սէրդ գինիէն աղէկ է, Ու քու իւղերուդ անուշահոտութիւնը՝ Ամէն խունկերէն։ 11Շրթունքներէդ խորիսխի մեղր կը կաթի, ով հարսն, Լեզուիդ տակ մեղր ու կաթ կայ. Եւ քու զգեստներուդ անուշահոտութիւնը Լիբանանի հոտին պէս է։ 12Իմ հարս քոյրս փակեալ պարտէզ մըն է, Փակեալ աղբիւր ու կնքուած աղբերակ մըն է։ 13Քու տունկերդ քաղցրահամ պտուղներով, Հինաներով ու նարդոսներով՝ նռնենիներու դրախտ են. 14Նարդոս և քրքում, եղէգն և կինամոն, Ամէն կնդրուկի ծառով, զմուռսով ու հալուէով Եւ բոլոր գլխաւոր խունկերով։ 15Պարտէզներու աղբիւր, Կենդանի ջուրի ջրհոր Ու Լիբանանէ վազած հեղեղներ։
ԿԻՆԸ
16Արթնցիր, ով հիւսիս, եկուր, ով հարաւ, Իմ պարտէզիս մէջ փչէ, որպէս զի անոր խունկերը բուրեն. Իմ սիրականս թող իր պարտէզը գայ, Ու իրեն ախորժելի պտուղները ուտէ։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981