Երգ Երգոց

5

ՄԱՐԴԸ

1Իմ պարտէզս եկայ, ով հարս քոյրս, Իմ զմուռսս խունկերուս հետ ժողվեցի, Իմ խորիսխս մեղրիս հետ կերայ, Իմ գինիս կաթովս խմեցի։ Կերէք, ով բարեկամներ, Խմեցէք ու գինովցէք, ով սիրելիներ։

ԿԻՆԵՐԸ

Չորրորդ երգ

ԿԻՆԸ

2Ես կը քնանամ, բայց իմ սիրտս արթուն է. Ահա իմ սիրականիս ձայնն է, դուռը կը զարնէ ու կ ’ըսէ, Ով իմ քոյրս, իմ սիրուհիս, Իմ աղաւնիս, իմ կատարեալս, բաց ինծի. Քանզի իմ գլուխս ցօղով լեցուեցաւ, Ու վարսքերս՝ գիշերուան շաղերով։

ՄԱՐԴԸ

ԿԻՆԸ

3Իմ պատմուճանս հաներ եմ, Զանիկա ի՞նչպէս հագնիմ. Ոտքերս լուացեր եմ, Զանոնք ի՞նչպէս աղտեղեմ։ 4Իմ սիրականս իր ձեռքը ծակէն երկընցուց, Ու անոր համար իմ աղիքս գալարեցաւ։ 5Ես ելայ որ իմ սիրականիս բանամ, Ու ձեռքերէս ՝ ու իմ մատերէս ընտիր զմուռս կաթեց Փակաղակին բռնելու տեղին վրայ։ 6Ես իմ սիրականիս բացի, Բայց իմ սիրականս քաշուեր գացեր էր. Երբ անիկա կը խօսէր, իմ հոգիս նուաղեցաւ. Զանիկա փնտռեցի, բայց չգտայ. Զանիկա կանչեցի, բայց ինծի պատասխան չտուաւ։ 7Քաղաքին մէջ պտըտող պահապանները զիս գտան, Զարկին վիրաւորեցին զիս. Պարսպին պահապանները քօղս վրայէս վերցուցին։ 8Ով Երուսաղէմի աղջիկներ, ձեզ կ’երդըմնցնեմ, Եթէ իմ սիրականս գտնէք, Անոր պատմէք որ ես սիրով կը նուաղիմ։

ԿԻՆԵՐԸ

9Ով կիներուն գեղեցիկը, Քու սիրականդ ուրիշ սիրականէ ի՞նչ տարբերութիւն ունի. Քու սիրականդ ուրիշ սիրականէ ի՞նչ տարբերութիւն ունի, Որ մեզ այդպէս կ’երդմնցնես։

ԿԻՆԸ

10Իմ սիրականս սպիտակ ու կարմիր է, Տասը հազարի մէջ երևելի է։ 11Անոր գլուխը զուտ է, Վարսքերը ցրուած՝ ու ագռաւի պէս սև են։ 12Աչքերը՝ վազող ջուրերուն քով Կաթով լուացուած աղաւնիներու աչքերուն կը նմանին, Գամուած գոհարներու պէս են։ 13Անոր այտերը խնկալից տունկերու ածուին Եւ անուշահոտ ծաղիկներու թաղարներուն պէս են. Շրթունքները ընտիր զմուռս կաթող շուշաններ են. 14Ձեռքերը ոսկի մատնիներ են Թարսիսի քարերով լեցուած. Որովայնը բանուած փղոսկր է Շափիւղաներով ծածկուած։ 15Սրունքները մարմարիոն սիւներ են Ընտիր ոսկի խարիսխներու վրայ հաստատուած. Կերպարանքը Լիբանանի պէս, Եղևիններուն պէս, ընտիր է։ 16Անոր քիմքը քաղցր, Ու ինք բոլորովին ցանկալի է։ Ահա այսպէս է իմ սիրականս, այսպէս է իմ բարեկամս, Ով Երուսաղէմի աղջիկներ։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)